image

Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կարելի չէ կարգաւորել առանց անվտանգութեան երաշխիքներու. Լաւրով

Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կարելի չէ կարգաւորել առանց անվտանգութեան երաշխիքներու. Լաւրով

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր չէ, առանց Ռուսիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներու:

Այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:

«Այժմ, երբ հորիզոնի վրայ  ուրուագծուած է քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման հեռանկարը, Եւրոմիութիւնը խօսած է Ուքրանիոյ՝ որպէս խաղաղ լուծման առանցքային տարր, անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին։ Եւրոմիութեան մէջ ոչ ոք ոչ մէկ բառ ըսած է Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին, առանց որու հակամարտութիւնը հնարաւոր չէ լուծել»,- նշած է Լաւրովը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպան մեղադրած է սեփական արժէքները ոտնահարելու մէջ: