Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշմամբ՝ Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանը կալանաւորուած է 2 ամսով: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին կը տեղեկացնէ Էլիզապեթ Պետրոսեանը՝ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեանի կինը։
Այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր։
Փարամազեանը բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած էր 8 Յուլիսին։
Անոր մեղադրանք առաջադրուած է խարդախութեան օժանդակելու կամ կազմակերպելու, կաշառք ստանալու եւ ընտրողներուն կաշառք տալու, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտման կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելու յանցագործութեան յատկանիշներով։