image

Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանը կալանաւորուեցաւ

Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանը կալանաւորուեցաւ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշմամբ՝ Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանը կալանաւորուած է 2 ամսով: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին կը տեղեկացնէ Էլիզապեթ Պետրոսեանը՝ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեանի կինը։

Այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր։

Փարամազեանը բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած էր 8 Յուլիսին։

Անոր մեղադրանք առաջադրուած է խարդախութեան օժանդակելու կամ կազմակերպելու, կաշառք ստանալու եւ ընտրողներուն կաշառք տալու, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտման կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելու յանցագործութեան յատկանիշներով։