image
Հրատապ լուրեր:

Յոյս եւ գործակցութիւն՝ «Together»-ի ներկայացուցիչներու այցելութիւնը համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին 




Յոյս եւ գործակցութիւն՝ «Together»-ի ներկայացուցիչներու այցելութիւնը համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին   




Այսօրուան մարտահրաւէրներով լի իրականութեան մէջ, երբ համայնքային եւ մարդասիրական աշխատանքը աւելի քան երբեք կենսական նշանակութիւն ունի, տարբեր հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը կը դառնայ կարեւոր հիմնասիւն մը։ Այդ ծիրին մէջ, «Together» հաստատութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնք կը ներկայացնէ ոչ միայն գործակցութեան հերթական հանգրուան մը, այլ նաեւ յոյս ներշնչող քայլ մը՝ ի նպաստ համայնքային կեանքի զօրացման եւ մարդասիրական առաքելութեան շարունակականութեան։

Ստորեւ «Together»   կազմակերպութեան  պատուիրակութեան   Համայնքապետ Վեր. Դոկտ.  Յարութիւն  Սելիմեանին տրուած այցին մասին լուրը՝ 


Երեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց «together» հաստատութեան ներկայացուցիչները՝ Համայնքապետարանի գրասենեակէն ներս։

Հանդիպումի ընթացքին, հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեան ներկայացուց իրականացուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները։

Վերապատուելին բարձր գնահատեց հաստատութեան ներդրումն ու նուիրուած աշխատանքը հոգեւոր եւ մարդասիրական ծիրերէն ներս, ընդգծելով նման ծառայութիւններու կարեւորութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ։ Ան նաեւ մաղթեց յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ ընթացք գալիք ծրագիրներուն։