image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթը Կրնայ Թուայնացուիլ

Պոլսոյ  «Ժամանակ» Օրաթերթը  Կրնայ Թուայնացուիլ

 Թուրքիա- Պոլսոյ  «Ժամանակ»  օրաթերթը կրնայ թուայնացուիլ:  Թերթի թուայնացման  մասին առաջարկը    ներկայացուած է         Թուրքիոյ խորհրդարանի    հայ անդամ ՝ Սէլինէ Տողանին կողմէ:  Տողան,  որ  իր առաջարկը ըրած է     երկրի վարչապետին,  իր հայց- թիմումին մէջ նաեւ  նշած է, որ «Ժամանակ»ը   Թուրքիոյ մէջ  հրապարակուող ամէնէն հին  օրաթերթն է եւ կը համարուի     Օսմանեան Կայսրութեան  եւ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան    շրջանի  Թուրքիոյ   հայերու մասին կարեւոր սկզբնաղբիւր մը: Նշենք, որ  «Ժամանակ»ը հիմնուած է 1908-ին: Թերթի  խմբագիրն է  Արա Գոչունեան, որ  հիմնադիր  Գոչունեան  ընտանիքի շառաւիղն է: