Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի 6-րդ դասարանէն խումբ մը սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Ժանէթ Թանտըրճըի եւ Լեռնա Գարագիւթիւքի, այցելած են «ԺԱՄԱՆԱԿ» թերթի խմբագրատուն, ուր, տղոց այցի շնորհիւ, տիրած է տօնական մթնոլորտ մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի 6-րդ դասարանէն խումբ մը սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Ժանէթ Թանտըրճըի եւ Լեռնա Գարագիւթիւքի։ Ամանորի սեմին զուգադիպած այս այցելութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարկին ներքեւ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Տղաքը մեր սիրտը գրաւեցին՝ իրենց հաղորդականութեամբ։
Մօտաւոր անցեալին, Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին, դպրոցէն ներս աշակերտները կազմակերպած էին քէրմէս մը, որու հասոյթէն բաժին դուրս բերած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար՝ որպէս զօրակցութեան խորհրդանշան։ Յայտնի էր, որ Տատեանի կրթական մշակները փափաքած էին անոնց այժմէն պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ջամբել՝ հայ մամուլին զօրակցելու եւ անոր տէր կանգնելու ճանապարհին։
Անմիջական զրոյցի ընթացքին տղաքը անդրադարձան մօտալուտ Ամանորի վերաբերեալ իրենց սպասումներուն։
Հուսկ, աշակերտական խումբը մեզմէ հրաժեշտ առաւ՝ խոստանալով նման այցելութիւնները կրկնել պատեհ առիթներով։