Ճիշդ է, որ ներկայիս տեղեկատուութեան ազդեցիկ միջոցներ կան, ինչպէս օրինակ, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցը, բայց այդ բոլորը չեն կրնար փոխարինել մամուլի դերակատարութիւնը: Հայ մամուլը անփոխարինելի դեր ունի ազգապահպանման եւ հայ ժողովուրդին մէջ վառ պահելու ինքնուրոյն մշակոյթի գիտակցութիւնը:
Հայ մամուլը ոգեղէն կամուրջն է գաղութէ գաղութ կապ հաստատելու, հայութեան զանազան հատուածները հիմնական հարցերու շուրջ միաւորելու:
Այս օրերուն իր լրումին կը հասնի Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի 117-րդ տարեդարձը։
Այս առթիւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք տարիներ առաջ բնիկ պոլսահայ լրագրող Ալին Օզինեանի «Զաման» պարբերականին մէջ տպագրուած ու ապա «Էրմէնի Հապէր» հայկական կայքին մէջ լոյս տեսած յօդուածին հիմնական մասերը, ուր Օզինեան վեր կ՚առնէ «Ժամանակ» թերթի երկարամեայ «ճանապարհորդութիւն»ն ու առանձնայատկութիւնները։
Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ թերթը» կը դիմակայէ ժամանակին
«1908 թուականի 28 հոկտեմբերին 2-րդ սահմանդրութեան յայտարարութիւնը ուրախութեամբ նշող հայկական համայնքը 3 ամիս ետք սկսաւ նոր թերթ մը հրատարակել «Ժամանակ» անունով: Հայկական թերթի հիմնադիրներն էին Միսաք և Սարգիս Գոչունեանները: «Ժամանակը» հիմնադրուած էր երիտթուրքերու կողմէ որպէս հիմք ընդունուած «խօսքի եւ մամուլի ազատութեան» հովերուն տուրք տալով, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը նոր «ուղի» բռնած էր:
Սպասելիքները չարդարացուցին, իսկ հանրապետական շրջանին հայ ժողովուրդի ապրած ալեկոծումները, կորուստները, ոչնչացումները չկրցան «Ժամանակի» ընթացքը կանգնեցնել:
Թերթը հիմնադրուելէն ի վեր, 105 տարի շարունակ առանց ընդհատումներու հրատարակուած է Գոչունեան ընտանիքին կողմէ: Հիմնադրուելէն մինչև հիմա թերթը Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու ազգային պատկանելութեան պատճառով իրենց տառապանքները կ’արտացոլացնէր եւ կը մեկնաբանէր սառնասրտութեամբ ու առանց կողմնակալութեան: Դժուար պահերուն անգամ թեժ մթնոլորտն ալ աւելի չթեժացնելու նպատակով աւելի բրակմաթիկ մօտեցում ցոյց կու տար: Քանի որ անոր հիմնական նպատակն էր հայկական համայնքի ամենալաւ տպագիր թերթի կեանքը երկարացնել, որպէսզի համայնքը իր տպագիր օրինակը չկորսնցնէ: Մինչեւ այսօր տպագրուող հայերէն թերթերու մօտ կէսը Սթամբուլի մէջ կը տարածուի: Եթէ ըսենք, որ 1915-էն առաջ Սթամպուլի 700.000 բնակչութեան 150.000-ը հայեր եղած են, ապա աւելի լաւ կը պատկերացնենք Սթամպուլի համար հայերու դերը, եւ հայերու համար «Ժամանակի» դերը:
Թերթը իր հիմնադրման առաջին իսկ օրէն սկսած է մշտապէս իր էջերուն մէջ ընդգրկել ոչ միայն հայ համայնքի անուանի մտաւորակններու անուններ, այլեւ աշխարհահռչակ անուններ:
1940 ականներուն հանրապետութեան առաջին օրերէն սկսած է փոքրամասնութիւններու դէմ վարուող քաղաքականութեան աւելի լայն բովանդակութիւն տալ: Նոյնիսկ այն մութ տարիներուն թերթի հրատարակութիւնը չէ դադրած:
«Ժամանակը» միշտ ղեկավարած են Քոչունեան ընտանիքի անդամները: Արա Գոչունեանը արդէն 4-րդ սերունդի ներկայացուցիչն է, որ կը կատարէ այդ պարտականութիւնը: Ան 23 տարեկանէն ստանձնած է թերթի տնօրէնութիւնն ու գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը: Արա Գոչունեան Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի հայկական համայնքի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կեանքը մեկնաբանելէն եւ արտացոլալացնելէն անդին Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ի վեր ստանձած է նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերուն միջեւ կամուրջի դերը»: