image

Պոլսահայ երիտասարդութեան համար յոյսի նոր ովասիս մը ՝«Քէմբ Արմէն»ը

Պոլսահայ  երիտասարդութեան համար  յոյսի նոր ովասիս մը ՝«Քէմբ Արմէն»ը

Տասնամեակներու «գերութենէն» յետոյ «Քէմփ Արմէն» կը գործէ՝ Թուրքիոյ մէջ դառնալով միակ հայկական զարգացման կեդրոն ճամբարը

Աւելի  վաղ եւ քանիցս «Արեւելք» լրատւութիւն  կատարած է  Պոլսոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին  պատկանող Պոլսոյ «Քէմփ Արմէն»  (Այն կը գտնուի Պոլսոյ հանրահայտ «Թուզլա» շրջանին մէջ) ճամբարի վերաբացման մասին։  

Օրերս   Երեւանէն հրապարակուող «Հայկական Ժամանակ»ի  աշխատակիցներէն ՝ Լիլիթ Պօղոսեան հանգամանաւոր կերպով անդրադարձ մը պատրաստած է «Քէմբ Արմէն»ին մասին, որ  արեւմտահայերէնի վերածելով   կը ներկայացնենք  մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

Պոլսոյ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանաական եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի   պատմելով «Քէմբ Արմէն»ին մասին  մասնաւորապէս  ըսած է, թէ մեծ նուիրեալ Հրանդ Կիւզելեան երբ սկսած է իր ծառայութիւնը Պոլսոյ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանչական եկեղեցւոյ մէջ, , առաջարկած է    Արեւմտահայաստանի կորսուած հայ ընտանիքներու զաւակները բերել Պոլիս, ապաստան ու կրթութիւն տալ անոնց, եւ այդպիսով պահպանել անոնց ինքնութիւնը: Պոլսոյ Հայոց պատրիարք՝ Շնորհք սրբազանի նախաձեռնութեամբ խումբ մը հոգեւորականներ սկսած են շրջիլ  Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջանները եւ գտնել եղեռնէն մազապուրծ եղած բազմաթիւ հայեր, որոնք քրտախօս էին: Անոնք լծուած են այդ ընտանիքներու երեխաները հաւաքելու աշխատանքին ու կամաց կամաց    զանոնք Պոլիս առաջնորդած:

Երեխաները տեղաւորած են Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նկուղի սենեակներուն մէջ:  Այնտեղ եկած հայ փոքրիկները, աստիճանաբար սորված են հայերէն, ճանչցած իրենց արմատներն ու սեփական ժողովուրդը եւ   իմացած իրենց արմատներուն մասին։

Ժամանակի ընթացքին հայ աշակերտներուն թիւը աւելնալու պատճառով  անհրաժեշտութիւն առաջացած է նաեւ անոնց ամառնային շրջանը նպաստաւոր պայմաններու մէջ կազմակերպելու հարցը եւ որոշած են քաղաքէն եւ աչքէ հեռու հողատարածք մը գնել: Պոլսոյ Թուզլայի շրջանի՝ ծովեզերքին մօտ վաճառուող բաց ու ամայի տարածք մը գտնելով,    եւ բարերարներու օգնութեամբ  կարելի եղած է  ձեռք ձգել  այդ տարածքը։

1962-ին, Պոլիսէն 60 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թուզլայի մէջ կառուցուած է շէնքը աշակերտներու ձեռքերով, Հրանդ Կիւզելեանի քաջալերանքով եւ փոքր խնայողութեամբ, եւ  այնուհետեւ  անուանուած՝  «Քէմփ Արմէն»:

Շուրջ 15 տարի հայկական ճամբարը անխափան գործած է՝ իր գիրկը առնելով աւելի քան 1500 հայ մանուկներ, որոնք ամառնային արձակուրդներուն հոգատար միջավայրի մէջ իրենց ինքնութեան մօտեցած են սորվելով մայրենին եւ հաղորդակցելով ազգակիցներու հետ։ 

1980-ականներուն Թուրքիոյ զինուորական նոր կառավարութիւնը սկսած է միջամտել հայկական ճամբարի գործունէութեան։ Հրանդ Կիւզելեան հետապնդուած ու ենթարկուած է հալածանքներու. զայն մեղադրած են ճամբարներուն մէջ ահաբեկիչներ պատրաստելու համար եւ դատապարտած ազատազրկման 8 ամիս ժամկէտով։ Շատ նեղութիւններէ ետք զինք ազատ արձակած են, սակայն պահանջելով, որ լքէ Թուրքիան: Կիւզելեան հարկադրաբար մեկնած է Ֆրանսա՝ Մարսէյլ իր կեանքի մնացած տարիները ապրելով այնտեղ։

Այդ շրջանին Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինքերը, (որոնք իրենք ալ այդ ճամբարի աշակերտներ եղած էին), յանձն առած են ճամբարի խնամակալութիւնը մինչեւ 1983 թուական։ Պետութիւնը նոր դատերու դիմելով գրաւած է երկրին բոլոր քրիստոնէական կառոյցներն ու կալուածները, եւ այդպիսով աւարտած նաեւ «Քէմփ»-ի «կեանք»ը։

1992 թուականին, երբ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն սկսած է իր ծառայութիւնը Պոլսոյ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, լսելով պատահածի մասին, դատական հայց ներկայացուցած է պահանջելով եկեղեցւոյ պատկանող հողատարածքը։ 

2015 թուականի Ապրիլ 24-ին հաղորդագրութիւն տարածուած է այն մասին, որ «Քէմփ»-ը ծախուած է, եւ պէտք է շէնքը փլեն,   եւ «Նոր Զարթօնք» շարժման երիտասարդները ոտքի հանած են բոլորը եւ 175 օր ցոյցերով, երթերով բողոքած: Եւ Վերջապէս երկար տարիներ պայքարելէ ետք 27 Հոկտեմբեր, 2015-ին, «Քէմփ»-ի հողատարածքը դատարանի վճիռով վերադարձուած է եկեղեցւոյ։

Այժմ, երկարատեւ պայքարէ յետոյ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն «Քէմփ Արմէն»-ի վերակառուցման նոր նախագիծի իրագործման արտօնութիւն  ստացուած է եւ պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները: 

«Եթէ կարողանանք իրականութիւն դարձնել «Քէմփ»-ի հետ կապուած մեր մտայղացումը, ինչպէս «Թումոյի» օրինակն է, եւ նմանատիպ շէնք կառուցենք, որ աշակերտներն ալ այնտեղ հնարաւորութիւն ունենան զարգացնելու իրենց գիտելիքները, հիանալի կ'ըլլայ»,-ըսած է Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն ու շարունակած,- «Մենք կ'երազենք, որ աշխարհի չորս կողմերը ապրող հայ երեխաները ատեն ատեն հնարաւորութիւն ունենան գալու այստեղ, մէկ շաբաթ մնալու, հաղորդակցելու իրար հետ եւ ճանչնալու զիրար։ Թող անոնց միջեւ բարեկամութիւնները շատնան, որ ըսեն՝ այստեղ ալ բարեկամ ունիմ, այնտեղ ալ։ Մէկ խօսքով, ապագային «Քէմփ Արմէն»-ի նոր նախագիծը կը խոստանայ ըլլալ աշխարհը կապող կեդրոն»։ 

 Նիւթը՝  Լիլիթ Պօղոսեանի 

«Հայկական ժամանակ»