Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ օգոստոս 15-ին Ալասքայի մէջ կայանալիք բանակցութիւններէն ետք պիտի ունենան համատեղ մամլոյ ասուլիս։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը։
«Բանակցութիւններէն ետք Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ համատեղ մամլոյ ասուլիս պիտի ունենան, ուր պիտի ամփոփեն բանակցութիւններու արդիւնքները», - ըսած է Ուշաքովը լրագրողներուն։
Ան ընդգծած է, որ հանդիպման ընթացքին երկու երկրի ղեկավարները պիտի քննարկեն «խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հարցերը, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական ու ամենահրատապ խնդիրները»։
Խօսելով հանդիպման ձեւաչափի մասին՝ Ուշաքով տեղեկացուցած է, որ նախագահներու զրոյցը նախ պիտի ըլլայ երկկողմ, ապա բանակցութիւններուն պիտի միանան նաեւ պատուիրակութիւններու միւս անդամները, եւ քննարկումները պիտի շարունակուին աշխատանքային նախաճաշի ձեւաչափով։
«Հանդիպման մասնակիցներու կազմը արդէն որոշուած է։ Հաշուի առնելով, որ պիտի քննարկուին շատ կարեւոր եւ զգայուն նիւթեր, բանակցութիւններու մասնակիցներու շրջանակը լայն չէ։ Ես պիտի ներկայացնեմ ռուսական պատուիրակութեան անդամներու անունները՝ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքով, պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսով, ֆինանսներու նախարար Անտոն Սիլուանով եւ նախագահի արտասահմանեան երկիրներու հետ ներդրումներու ու տնտեսական համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ…Բանակցութիւնները պիտի ըլլան գործնական բնոյթի, բնականաբար՝ բոլորս ալ ունինք գործնական տրամադրութիւն», — ըսած է Ուշաքովը լրագրողներուն։
Ան նաեւ խորհրդանշական համարած է այն փաստը, որ օգոստոս 15-ին Ալասքայի մէջ կայանալիք Փութին–Թրամփ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յաղթանակի 80-ամեակի տարուան ընթացքին՝ խորհրդային օդաչուներու թաղման վայրին մօտ։