Սուրիոյ կառավարական զօրքերու եւ քիւրտերու ղեկավարած «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» կազմաւորման միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են Տէյր Զորի նահանգին մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի տեղեկութեամբ՝ այս մասին հաղորդած է Syria TV-ն։
Եփրատ գետին երկու ափերուն վրայ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին կողմերը գործածած են գնդացիրներ եւ նռնականետեր։ Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ տակաւին չեն հաղորդուած։
Բախումները սկսած են այն ատեն, երբ քրտական ուժերը թիրախաւորած են Տէյր Զոր քաղաքի սրտաբանական հիւանդանոցին մօտ գտնուող սուրիական բանակի ռազմական դիրքը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած են քանի մը դիրքապահներ եւ տեղացի ձկնորսներ։ Իբրեւ պատասխան, բանակային ուժերը հակահրաձգութիւն կատարած են քիւրտական ուժերու ուղղութեամբ։
Աւելի վաղ, Սուրիոյ հիւսիսը՝ Հալէպի նահանգին մէջ, բախումներ տեղի ունեցած էին սուրիական զօրքերու եւ «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր» քրտական կազմաւորման միջեւ։ Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ըրած է «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»-ուն պահպանելու ստորագրուած համաձայնութիւնները՝ զգուշացնելով նոր հետեւանքներու մասին, եթէ ներթափանցման եւ թիրախաւորման գործողութիւնները շարունակուին։
Օգոստոս 9-ին Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ կը մերժէ մասնակցիլ Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հովանաւորութեան տակ Փարիզի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»-ու հետ՝ մեղադրելով քիւրտերը Սուրիոյ գործերուն մէջ արտաքին միջամտութիւն հրահրելու փորձին մէջ։