image

Իսրայէլեան ԱԹՍ-ն հարուածած է Այնճար հայաւանին մուտքին. Կան զոհեր, վնասուած է հայկական հանրայայտ «Արեւ» ճաշարանը

  Իսրայէլեան ԱԹՍ-ն հարուածած է Այնճար հայաւանին մուտքին. Կան զոհեր, վնասուած է հայկական հանրայայտ «Արեւ» ճաշարանը

 Ժամեր առաջ իսրայէլեան ԱԹՍ մը թիրախային հարուած տալու նպատակով հարուածած է Պեքայի Այնճար հայաւանի մուտքի հատուածին («Ալ Մասնահ» մայրուղի)։ Թիրախաւորուած երկու անձեր (Հակա-իսրայէլեան շարժման անդամներ) տեղն ու տեղը սպաննուած են։

 Ընդհանուր զոհերու թիւը հասած է 5-ի, իսկ վիրաւորուներու թիւը՝ 10-ն է։

Աւելի ուշ «Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով պարզ դարձաւ, որ ԱԹՍ-ի հարուածներուն հետեւանքով վնասներ կրած է նաեւ Այնճարի հանրայայտ «Արեւ» ճաշարանը։ 

Ճաշարանը կրած է նիւթական վնասներ ու նաեւ անոր անձնակազմէն մէկ հոգի զոհուած է։

 Նշենք, որ Այնճարի հայկական «Արեւ» ճաշարանը մեծ հռչակ կը վայելէ եւ կը պատկանի բնիկ մուսալեռցի  Զէյթլեան  ընտանիքին։

 Իսրայէլի հարուածներու մասին բազում անգամներ գրած ենք, ու փաստ է, որ Իսրայէլ երկար ժամանակէ ի վեր կը խախտէ առկայ հրադադարը եւ այս տիպի թիրախային հարուածներ տալով կը խլէ «Հըզպալլա»ի կամ այլ կազմակերպութիւններու անդամներու կեանքը, յաճախ ալ պատճառ դառնալով անմեղ մարդոց, անցորդներու մահուան։

Այնճարի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, բայց եւ այնպէս զգուշաւորութեան մթնոլորտ մը կայ, տրուած ըլլալով, որ առաջին անգամն է, որ իսրայէլեան ԱԹՍ-ը այդքան մօտիկ գործողութիւն կը կատարէ հայկական բնակավայրէն։

 

 

ԱԹՍ-ի հարուածի տեսանիւթը՝ «Արեւելք»ի թէլէկրամեան ալիքով։