image

Ուաշինտթընի Հռչակագիրը շօշափելի օգուտներ կը պարունակէ նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ համար․ Փաշինեանը՝ Fox News-ին

Ուաշինտթընի Հռչակագիրը շօշափելի օգուտներ կը պարունակէ նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ համար․ Փաշինեանը՝ Fox News-ին

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Հռչակագիրը շօշափելի օգուտներ կը պարունակէ նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի համար։ Այս մասին Fox News-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան նշած է, որ համաձայնագրի իրականացման պարագային «Իրանը պիտի ունենայ երկաթուղային մուտք Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով», իսկ Ռուսիան եւ Իրանը «հնարաւորութիւն պիտի ունենան երկու երկիրներու միջեւ ունենալ երկաթուղային կապ»։

«Եթէ մենք կեդրոնանանք այս համաձայնագրի տնտեսական կողմի վրայ, ապա ոչ միայն Հայաստանը, Ադրբեջանը, Միացեալ Նահանգները, այլեւ Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը կ՚ունենան շատ կարեւոր, շատ շօշափելի եւ իրականում աննախադէպ օգուտներ, քանի որ Հարաւային Կովկասից մենք այժմ երկաթուղի չունենք, որը Իրանը կը միացնէր Ռուսաստանին։ Այսպիսով, ես կարծում եմ, որ սա շատ կարեւոր համաձայնագիր է, որը կարող է բաւականին շատ օգուտներ բերել բոլոր երկրներին եւ, ի դէպ, նաեւ ողջ միջազգային հանրութեանը՝ միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան համար»,-ըսած է Փաշինեանը։

Փաշինեանն ընդգծած է, որ հռչակագրի հիմնական նպատակն է ստեղծել կայունութիւն եւ խաղաղութիւն տարածաշրջանին մէջ։

«Մեր նպատակն է ունենալ կայունութիւն, խաղաղութիւն, կայուն զարգացում, տնտեսական եւ քաղաքական համագործակցութիւն, եւ կարծում եմ, որ երէկուայ հռչակագիրը դրա համար շատ կարեւոր եւ շատ յարմար հարթակ է», –ըսած է Փաշինեանը։

Խօսելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի մասին՝ Փաշինեանն ընդգծած է, որ «այս համաձայնագիրը կարող է լինել համագործակցութեան, խաղաղութեան խաչմերուկի տեսակ», որ պաշտօնական Երեւանի նպատակն է։ «Մենք չենք ուզում ինչ-որ վէճեր հրահրել, չենք ուզում լարուածութիւն առաջացնել եւ այլն։ Մեր նպատակն է ունենալ կայունութիւն, խաղաղութիւն, կայուն զարգացում, տնտեսական եւ քաղաքական համագործակցութիւն, եւ կարծում եմ, որ օգոստոսի 8-ի հռչակագիրը դրա համար շատ կարեւոր եւ շատ յարմար հարթակ է», – նշած է Փաշինեանը։