image

Հաւաք-զրոյց Քեսապի Երիտասարդութեան հետ

Հաւաք-զրոյց Քեսապի Երիտասարդութեան հետ

Քեսապի մէջ, տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք.ին, օրերս, տեղի ունեցած է Քեսապի երիտասարդութեան հետ Հաւաք-զրոյց։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք.ին, Շաբաթ, 3 Մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:15-ին, տեղի ունեցաւ Քեսապի երիտասարդութեան հետ Հաւաք-զրոյց։ 

Հաւաք-զրոյցը վարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Քեսապ ժամանած՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան։ Հայր Սուրբը որպէս օրուան խորհրդածութեան նիւթ ընտրած էր. «Վերադարձ Դէպի Յիսուս»։ Ան, Աստուածաշնչական դէմքերով եւ դէպքերով նմանութիւններ կատարեց այսօրուան երիտասարդին կեանքին հետ, թէ անոնք ինչպիսին էին առանց Յիսուսին եւ ինչպիսի դարձան Յիսուսը ճանչնալէ ետք։

Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Բոլորս ունինք տկար կէտեր, որոնք պատճառ կը դառնան Յիսուսէ հեռու կեանքի մը, բայց այսօր մեր բոլոր մեղքերով միասին վերադառնանք Յիսուսին, որովհետեւ Ան ճամբուն ծայրը մեզ կը սպասէ որպէս գթառատ, ներողամիտ, ներող եւ վերանորոգող Փրկիչ»։

Հաւաք-զրոյցէն ետք, երիտասարդները Հայր Սուրբին ուղղեցին շարք մը հարցումներ, որոնց ան պատասխանեց Աստուածաշնչական մէջբերումներով եւ կեանքի իրական օրինակներով։

Ապա, գիւղիս հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ Սրբազանը ընդառաջեց իր խնդրանքին եւ տնօրինեց Հայր Աւետիքին օգտաշատ այցելութիւնը դէպի Քեսապ։

Աւարտին, հիւրասիրութեամբ աւարտեցաւ հոգեպարար երեկոն։