Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի մանկամսուրին վարիչ նշանակեց Ռուպինա Աւետիքեանը, որ պիտի փոխարինէ Թալին Վարդանը:
Աւետիքեան 2019էն ի վեր, Արի Կիրակոս Մինասեան մանկամսուրին մէջ կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ եւ վարչական պատասխանատու: Ան մասնակցած է մանկավարժական մասնագիտական դասընթացքներու եւ իր գիտելիքները ու փորձառութիւնը ի գործ դրած է մանկամսուրին մէջ: Նոյն ատեն, ան իր գործընկերներուն հետ աշխատելու պատրաստակամութիւնը եւ կամեցողութիւնը ցուցաբերած է, հայ մանուկներուն համար հայեցի եւ խաղաղ լաւագոյն միջավայրը տրամադրելու գիտակցութեամբ:
Աւետիքեան պսակաւոր արուեստի աստիճանը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն, մանկավարժական կրթութեան մարզին մէջ, իսկ մագիստրոսական աստիճանը՝ «Ֆինիքս» համալսարանէն՝ գործարար վարչարարութեան մարզին մէջ: Ան նաեւ հետեւած է վարչական եւ կազմակերպական դասընթացքներու իր մասնագիտական փորձառութեան տարիներուն ընթացքին:
«Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ տիկին Աւետիքեանը Արի Կիրակոս Մինասեան մանկամսուրի վարիչ նշանակելու լուրը՝ քաջ գիտակցելով, որ ան իր ունեցած կրթական ենթահողին, աշխատանքային փորձառութեան եւ հայ մանուկներու հետ աշխատելու կամեցողութեան շնորհիւ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային մանկամսուրը ձեռնհասօրէն պիտի ղեկավարէ, պահելով անոր երկար տարիներու հայաշունչ աւանդը, միաժամանակ զայն պիտի հարստացնէ նորութիւններով, որպէսզի մանկամսուրը շարունակէ երկար տարիներ ծառայել Օրենճ Քաունթիի մեր գաղութին եւ հոն հասակ առնող հայ մանուկներուն», ըսաւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան:
Խնամակալ մարմինը յաջողութեան եւ նոր ձեռքբերումներու մաղթանքներ կը փոխանցէ մանկամսուրի նորանշանակ վարիչ Ռուպինա Աւետիքեանին եւ մանկամասուրի անձնակազմին:
ԹԱԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը կը յայտնէ թէ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային մանկամսուրի վարիչ Թալին Վարդան կը հեռանայ իր պաշտօնէն:
Վարդան 26 տարիներ ծառայած է Արի Կիրակոս Մինասեան մանկամսուրին մէջ՝ իբրեւ կամաւոր, ապա ուսուցիչ, վարչական պատասխանատու եւ վերջին 15 տարիներուն, իբրեւ մանկամսուրի վարիչ: Ան մանկավարժական մասնագիտական հմտութիւններով, իր ունեցած գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ մանաւանդ հայ մանուկներուն հետ աշխատելու ու անոնց առաջին քայլերը հայերէնով հաստատելու կամքով մեծ ներդրում ունեցած է Արի Կիրակոս Մինասեան մանկամսուրի ամրապնդման մէջ: Մանկամսուրի իր գործընկերներուն հետ աշխատելով, ան հայ մանուկներուն համար ստեղծած է խաղաղ միջավայր մը եւ հայաշունչ օճախ մը:
«Խնամակալ մարմինը երախտապարտ է տիկին Թալին Վարդանին՝ իր երկար տարիներու տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար: Տիկին Վարդան իր ծառայութեան ընթացքին, կրթական եւ մանկավարժական ամուր ենթահող պատրաստած է մանկամսուրի ծաղկումին համար եւ անոր շարունակականութիւնը պահելու նախանձախնդրութեամբ, իր աշխատանքային փորձառութիւնը կիսած է գործընկերներուն հետ եւ պատրաստած է զինք փոխարինող ատակ մանկավարժներ, որոնք այսօր կրթական եւ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնելու պատրաստ են: Տիկին Վարդանին՝ հայ մանուկներու հետ աշխատելու եւ նորարարական միջոցներ որդեգրելու կամեցողութեան շնորհիւ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային մանկամսուրը դարձած է կայուն եւ հայաշունչ միջավայր մը, Օրենճ Քաունթիի հայ գաղութին եւ հայ մանուկներուն ծառայելու համար», ըսաւ Սարգիս Ուրֆալեան:
Խնամակալ մարմինը իր եւ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ կը մաղթէ Թալին Վարդանին:
Վարձքդ կատա՛ր յարգելի հայ դաստիարակ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ