image

Ամերիկեան դրօշը պիտի ծածանի Հարաւային Կովկասի մէջ. Հայաստան եւ Ատրպէյճան գոհ են, Ռուսաստան եւ Իրան «Հիասթափուած»

Ամերիկեան դրօշը պիտի ծածանի Հարաւային Կովկասի մէջ. Հայաստան եւ Ատրպէյճան գոհ են, Ռուսաստան եւ Իրան «Հիասթափուած»

ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր համաձայնութիւն

ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորութիւնը, որուն շուրջ երկար ամիսներ բանակցութիւններ կը տարուէն, կը դիտուի որպէս կարեւոր հանգրուան հայ–ատրպէյճանական գործընթացին մէջ։ Այս համաձայնութիւնը, իր բովանդակութեամբ, ոչ միայն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլ է, այլ նաեւ քաղաքական վստահութեան փորձաքար՝ կողմերուն միջեւ մնայուն երկխօսութիւն ապահովելու համար։

 

Փաշինեանի խօսքը Ուաշինկթընէն 

ԱՄՆ–Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը կարեւոր յաջողութիւն է մեր տարածաշրջանի համար։ Այդ մասին Ուաշինկթընէն հայ լրագրողներու հետ մամուլի ասուլիսի ընթացքին կը յայտնէր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Պէտք է հաստատեմ, որ ԱՄՆ–ՀՀ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն կէտին վրայ»,– նշեց ան։ Վարչապետի խօսքով՝ ՀՀ ապաշրջափակումը արդէն տեղի պիտի ունենայ, այսինքն Հայաստանը հնարաւորութիւն պիտի ստանայ երկաթուղային կապ ունենալ արտաքին աշխարհի հետ։

Փաշինեան կ՚անդրադառնար ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքին մէջ նշուած «Քորիտոր» բառին՝ շեշտելով, որ այս եզրոյթը աշխարհի մէջ ընդունուած է, սակայն որոշ հանգամանքներու բերումով կրնայ լարուածութիւն ստեղծել։ «Ակնհայտ է, որ միջանցքային այն տրամաբանութիւնը, որուն մասին կը խօսէինք, այդ չի լինելու»,– կը նշէր ան։

Անդրադառնալով Մինսկի խումբի լուծարմանը Փաշինեան կը պարզաբանէր, որ ան կը լուծարուի, քանի որ արդէն հաստատուած է խաղաղութիւն։ «Մինսկի խումբը հակամարտութեան խորհրդանիշ է, եւ անոր գոյութիւնը կամ լուծարելու ցանկութեան պակասը՝ կրնայ կասկածներ առաջացնել անկեղծութեան մասին»։

Փաշինեանի խօսքով՝ «Թրամփի ուղի» նախագիծը Հայաստանի 3-րդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ամենախոշորագոյն ներդրումային ծրագիրն է։ «Սա նոր միջազգային- ճանապարհային ծրագիր մըն է՝ Արեւելքէն Արեւմուտք, Հիւսիսէն Հարաւ, որ մեր տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան կարեւոր գործօն պիտի դառնայ։ Այս համաձայնագրերու արդիւնքով, օրինակ, Իրանը պիտի ստանայ երկաթուղային հնարաւորութիւն՝ Պարսից ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով»։

 Փաշինըան կը շեշտէր, որ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութիւնը այժմ կը փոխարինուի տարածաշրջանային համատեղ նախագծերով։ «Մեր բոլորի աչքին առջեւ է՝ ՀՀ ներդրումային վարկանիշը կը բարձրանայ րոպէ առ րոպէ»։

 Մարդասիրական հարցերուն անդրադառնալով՝ Փաշինեան կը վստահեցնէր, որ ոչ մէկ բանակցութեան ժամանակ չեն շրջանցեր անհետ կորածներու եւ գերեվարուածներու խնդիրը , եւ այս ուղղութեամբ կը գործեն ամենաբարձր մակարդակով։

 Կը նշուի անշուշտ քննարկման առանցքային կէտերէն մէկը եղած է այն, ինչ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կոչէ «տարանցիկ միջանցք»։ Ըստ Փաշինեանի, այս գաղափարը պէտք է դիտարկել ոչ թէ իբրեւ ինքնիշխանութեան խախտում, այլ որպէս տարածաշրջանային հաղորդակցութեան զարգացման հնարաւորութիւն, որ կրնայ տնտեսական եւ քաղաքական նոր հորիզոններ բանալ Հայաստանի համար։ Փաշինեան կ՚ընդգծէր, որ ցանկացած հաղորդակցական ուղի պէտք է գործէ Հայաստանի օրէնսդրութեան եւ գերիշխանութեան ներքոյ՝ առանց արտաքին վերահսկողութեան։ Ան նշեց, որ այդպիսի ճանապարհները կրնան նպաստել ոչ միայն տնտեսական աշխուժացման, այլ նաեւ վստահութեան աստիճանական բարձրացման կողմերու միջեւ։

 

Ալիեւի դիրքորոշման փոփոխութիւնը

Տեղի ունեցած հանդիպում–համաձայնագրի ստորագրման արարողութեան ընթացքին շատ ուշագրաւ էին Ալիեւի խօսքերը։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ գրած էի, հիմա առիթն է կրկնելու, որ Ալիեւ իր սլաքները կ՚ ուղղէր դէպի Ռուսաստան։

Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու մեծ գործընթացներուն մէջ Ալիեւ, ինչպէս շատ ուրիշներ, կը դիտարկէր, որ Մոսկուան «ցտեսութիւն» ըսած է Հարաւային Կովկասին։ Գովերգելով Միացեալ Նահանգները, նշած է ԱՄՆ–ի հզօր երկիր ըլլալու հանգամանքը, նոյնիսկ Նախագահ Թրամփը համարելով «դարակազմիք» եւ վաւերական գործիչ…։ Պատերազմէն ետք առաջին անգամն էր, որ Ալիեւ այսքան «բաց» եւ «անկեղծ» կերպով ցոյց կու տար իր նախընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ «նեղացած» ըլլալը Ռուսաստանի դերակատարութենէն։

Առաւելապաշտ է Ալիեւ, բոլորս գիտենք այդ մասին, եւ գիտենք, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կրնայ նոր պայմաններ դնել Հայաստանի առջեւ։ Բայց ըսել, թէ «Մենք եկած ենք ԱՄՆ (նկատի ունէր ինք եւ Փաշինեան), մտածած ու եկած ենք, հետեւաբար այլեւս սխալելու տեղ չունինք…» կը նշանակէ, որ ոչ միայն իր պետական ուղղութեան «աքս»ը փոխած է, այլ պատրաստ է Ռուսիոյ դէմ «ժեսթեր» ընել, եթէ ԱՄՆ–ը ուզէ այդ մէկը։

 Ալիեւ Եւրոպայի մասին չէր խօսէր, պարզապէս կ՚անտեսէր, ինչ որ յստակ կը ցոյց տայ իր անվստահութիւնը եւրոպացիներուն նկատմամբ։ Ռուսիոյ հանդէպ ունեցած նոր դիրքորոշումները կը վկայեն «խաբուած» զգալու եւ ամբողջովին դէպի ԱՄՆ թեքուելու փաստին մասին, որ մանաւանդ այս փուլին Հայաստանի համար կրնայ դրական ըլլալ։ ԱՄՆ պիտի շարունակէ մնալ իրական «զսպիչ» մը Ալիեւեան նկրտումներուն, եւ ատոր վրայ յենելով է, որ Հայաստան պիտի կարենայ շունչ մը քաշել, զօրացնել իր ներքին կարգ ու սարքը եւ ունենալ հզօր բանակ։

Եթէ թշնամիիդ վիզին «զսպող օղակ» մը կայ, ապա դուն պարտաւոր ես հաշուի նստիլ «ժամանակի գործօն»ին հետ։

Ի վերջոյ, ստորագրուածը «թզենիի տերեւ» մը չէ, ոչ ալ սեւ կամ կարմիր մելանով շարադրուած վաւերագիր, այլ անոր տակ կայ ԱՄՆ–ի առաջին մարդուն՝ նախագահ Թրամփին ստորագրութիւնը։

Այս բոլորը հաշուի առնելով, հարկ է ըսել, որ Ալիեւ, որ դիւանագէտ ու խորամանկ է, շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ինչքան թուլացած է Ռուսաստանը եւ յատկապէս Փութինը՝ ի մասնաւորի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ռուսական որեւէ «թփրտալու» փորձ դատապարտուած պիտի ըլլայ ամերիկեան ծանր հակազդեցութեան։ Շրջանին մէջ եւրոպական ներկայութենէն «ջղայնացած» Ալիեւ հիմա վարդերով պիտի դիմաւորէ ամերիկեան կազմակերպութիւնները, որոնք միայն ճանապարհ սարքողներ ու ասֆալտ փրողներ չեն, այլ աւելին։

Ըսելիքս այն է, որ վերջին զարգացումներէն յստակ կ՚երեւի՝, որ Մոսկուա այլեւս դեր չունի մեր տարածաշրջանին մէջ, եւ շատ հաւանական է, որ այս բոլորը կը կատարուին Փութինի «խաթիր»ը տեսած ըլլալէ ետք։Այլապէս Վ. Փութին ամէն ինչ պիտի ընէ տապալելու համար երէկուան հանդիպումը։

Ունէ՞ր ներուժ ատիկա ընելու Պաքուի մէջ՝ չեմ կրնար յստակ պատասխանել, բայց վստահ եմ, որ Երեւանի մէջ տակաւին ունէր ինչ–որ շարժում կատարելու հնարաւորութիւն։

«Ռուսական գնացք»ը արդէն մեկնած է։ Ռուսաստանը ատողները կրնան ջուր թափել անոր ետեւէն, ես ատողներէն չեմ, բայց ինչ որ Մոսկուա ըրաւ Արցախի մէջ՝ հոգիիս խորքին մէջ վէրքի նման բան մըն է։ Հայ–ռուսական դարաւոր բարեկամութեան ամուր շէնքը ինքը՝ Փութինը, փլեց, եւ մենք ատոր վկաներն ենք, եթէ ազնիւ ենք։ Եթէ ոչ, պիտի շարունակենք բաւարարուիլ ռուսական աղօթքներով եւ երազել, թէ «ռուսական վակոն»ը պիտի վերադառնայ։ 

Բայց դուք ըսէք՝ գացած գնացքը միթէ ետ կու գա՞յ։ 

 

ԱՄՆ-ի նոր դերը Հարաւային Կովկասի մէջ

Վերջին ամիսներուն ակնյայտ դարձած է, որ ԱՄՆ-ի քաղաքական ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ այլեւս սահմանափակուած չէ միայն միջնորդական առաքելութեամբ։ Ուաշինկթըն կը ձգտի ոչ միայն խաղաղութեան բանակցութիւնները հովանաւորել, այլեւ ուղղակի մասնակցութիւն ունենալ տարածաշրջանի հաղորդակցական, ջերմուժի եւ անվտանգային նախագծերուն։ Այս ռազմավարական փոփոխութիւնը կը բխի միաժամանակ քանի մը գործօններէ՝ Ռուսաստանի ազդեցութեան նահանջ, Եւրոպայի թուլացած վստահելիութիւն եւ տարածաշրջանային ուժային կեդրոններու նոր դասաւորումը։

ԱՄՆ-ի ներկայութիւնը այս փուլին ունի երեք հիմնական ուղղութիւն՝

1. Անվտանգային հովանաւորութիւն – Ուաշինկթըն յստակ ազդակներ կու տայ, որ պատրաստ է զսպել ռազմական քայլեր եւ աջակցիլ խաղաղութեան պահպանման նախաձեռնութիւններուն։ Այս դերը յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի համար, որովհետեւ կը ստեղծէ նոր «զսպիչ» համակարգ Ալիեւեան հնարաւոր ճնշումներուն դէմ։

2. Տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային ներգրաւում – ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը տարածաշրջանային հաղորդակցական ծրագրերուն կը նպատակադրէ Հայաստանը վերածել տարանցիկ հանգոյցի, որ կապ պիտի ապահովէ Պարսից ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով, եւ այսպէս՝ արմատապէս փոխելով տնտեսական քարտէզը։

3. Քաղաքական նոր միջնորդութիւն – Մինսկի խմբի գործնական լուծարումէն ետք ԱՄՆ-ի ուղիղ ներգրաւուածութիւնը կը դարձնէ զայն հիմնական միջնորդային հարթակ, նուազեցնելով Ռուսաստանի եւ այլ արտաքին խաղացողներու դերակատարութիւնը։

Այս բոլորը կը վկայեն, որ ԱՄՆ-ի ռազմավարութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր կարճաժամկէտ շահերով, այլ կը միտի տարածաշրջանը կայուն եւ կանխատեսելի դարձնել՝ ի շահ իր տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական նպատակներուն։ Հայաստանի համար այս նոր իրողութիւնը կը բանայ եւ՛ նոր հնարաւորութիւններ, եւ՛ մարտահրաւէրներ՝ կարեւորելով ճիշդ կողմնորոշուելու անհրաժեշտութիւնը։

 

Իրանի զգուշաւորութիւնը

Իրան, որ անմիջական հարեւանն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, երկար տարիներու փորձառութեամբ կը գործէ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու մէջ զգուշաւոր եւ չափուած քայլերով։ Թեհրան կը խուսափի ուղղակի բախման մէջ մտնելէ, բայց միեւնոյն ատեն չուզեր, որ իր սահմաններուն մօտ զարգացումներ ըլլան, որոնք կրնան խախտել ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Իրանի ղեկավարութիւնը բազմիցս շեշտած է, որ չի հանդուրժեր սահմանազատման կամ հաղորդուղիներու հարցերու լուծումներ, որոնք կը վտանգեն իր աշխարհաքաղաքական շահերը։ Այս զգուշաւորութիւնը երբեմն կը մեկնաբանուի որպէս «դանդաղ արձագանգ», սակայն Իրանի քաղաքական մշակոյթին մէջ անիկա կը դիտուի որպէս երկարաժամկէտ շահերու ապահովման ռազմավարութիւն։

 Ի դէպ Իրանի կտրուածքով յառաջիկայ օրերուն մենք ականատեսը պիտի դառնանք կարեւորագոյն զարգացումներուն։ Խօսքը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մեսուտ Փեզեշքիանի Երեւան կատարելիք այցին մասին է, որ տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն։ Ու այս առումով ալ պիտի ծագին մէկէ աւելի հարցադրումներ կապուած Հայաստան- Ատրպէյճան վերջին համաձայնութեան ու այդ պրիսմակով դիտուած Իրանի «վերջնական» դերին։

 Չմոռնանք, որ Իրանցի նախագահը վերջին ամիսներուն ամէն ինչ կատարեց, որպէսզի Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւնները «վերաթարմացման» ու մտնեն բնականոն հուն։

 Մեծ դիւանագիտութեան տէր իրանցիք, հակառակ անոր, որ մեծ վստահութիւն մը չունին Ատրպէյճանին հանդէպ յայտնուած են այնպիսի բարդ փուլի մը մէջ, որ անկարող են նոր լուրջ խնդիրներ ունենալ, ոչ միայն Պաքուին հետ, այլ առհասարակ իրենց միւս բոլոր հարեւաններուն, կամ շրջանին մէջ կարեւոր դեր վերցուցած կողմին՝ Թուրքիոյ հետ։

 Ու այդ իրանեան «տեսլական»ը բնականաբար պիտի աշխատի ու պէտք է աշխատի Հայաստանի պարագային։ Իրան, որ մինչեւ հիմա եւ նոյնիսկ Իսրայէլի կողմէ գործուած մեծ յարձակումին ժամանակ չունեցաւ այն «քաջութիւն»ը Ատրպէյճանը քննադատելու, այսօր եւս ըսելիք չպէտք է ունենայ, Ամերիկեան նոր դերակատարութեան մասին։

 Հայաստանի հարաւային դարպասի մէկ հատուածին վրայ Ամերիկեան դրօշներու ծածանումը չպէտք է վրդովեցնէ իրանցիները։ Ճիշդ է, որ անցնող օրերուն Իրանի բարձր մակարդակի մէկէ աւելի քաղաքական գործիչներ այս նիւթով ժխտական յայտարարութիւններ կատարեցիին (ու կրնան դեռ ալ կատարել) բայց եւ այնպէս այդ երբեք չի կրնար նշանակել, որ Իրան այդ ուղղութեամբ եւ եղած-կայացած համաձայնութիւնը փորձէ խանգարել, կամ շրջանը ապակայունացնելու քայլերով հանդէս գալ։ 

 Իրանը ունի իր ներքին օրակարգը, ու այդ առումով ալ պարտաւոր է հաշուի նստիլ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր դրութեան հետ, մանաւանդ, որ այս խնդրով եւս որոշակիօրէն անհանգստութիւններ ունեցող Ռուսաստանը, նոյնպէս պատրաստ չէ ծայրայեղական  քայլերու երթալու։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...