image
Հրատապ լուրեր:

Գնահատանք հայ կնոջ. ԶՊՄԿ-ի շնորհիւ 1000-է աւելի հայ կանայք ստեղծարար աշխատանք կը կատարեն

Գնահատանք հայ կնոջ. ԶՊՄԿ-ի շնորհիւ 1000-է աւելի հայ կանայք ստեղծարար աշխատանք կը կատարեն

Հայ կնոջ դերին մասին շատ է խօսուած։ Անոր պայքարելու ունակութեան, քաջութեան ու նաեւ ստեղծարար ոգիին մասին կարելի է գրել էջերով։ Ուղենշային է նաեւ, որ հայ կինը, որպէս «ամուր» մէկ տարրը հայրենի հասարակութեան եւ շնորհիւ իր աշխատելու կամքին ու աշխատասիրութեան շատ մը պարագաներու կարողացած է ոտքի պահել հայոց համար «Սրբութիւն սրբոց» հանդիսացող ընտանիքը։ Ընտանիքի գաղափարն արդէն փոխ-կապակցուած է կնոջ նուիրական մօտեցումներուն հետ, ալ ուր մնաց, երբ կը խօսինք եւ օրինակ կը բերենք՝ կինը, որպէս առողջ հասարակութեան գործօն եւ իրական մասնակից-գործընկեր։ 

Եւ իրօք այսօրուայ Հայաստանի եւ հայ իրականութեան մէջ հայ կինը կը շարունակէ, ոչ միայն ոտքի մնալ, այլ ան կը շարունակէ քալել հոսանքներուն հակառակ ուղղութեամբ։ 

Ամենանուիրական ոլորտներէն, կրթութիւնէն մինչեւ ծանր հաստոցային գործունէութիւն հայ կինը ներկայ է։ Արդար քրտինքի, ջանասիրութեան եւ բարութեան խորհրդանիշն է ան, որ միշտ ալ չէ մոռցած հերոս զաւակներ տալ Մայր Հայրենիքին։ 

Այս բոլորի կողքին արդիականութեան, նոր ձեւաչափերու եւ գործունէութեան ժամանակներուն, հայ կինը դարձեալ ներկայ է այդ գործընթացներուն համար։ Որպէս ծառայող, որպէս օրինակ եւ որպէս մեծարեալ մէկ անդամը հայ իրականութեան։

Ի դէպ այս տողերը կը գրենք մանաւանդ կարդալէ ետք այն գեղեցիկ եւ թարմացնող տողերը, որոնք կը պատմեն հայ կնոջ նուիրական գործունէութեան մասին, այս անգամ «Զանգեզուրի Պղնձա-Մոլիբթէնի Կոմպինատ»ի շրջանակներուն մէջ, ուր հազար եւ աւելի հայ կանայք մասնակից կը դառնան այս հզօր եւ հայրենատարած կազմակերպութեան վերելքին, աճին ու հետեւաբար նաեւ յաջողութեան։

Ստորեւ հայ կանանց գործունէութեան մասին նիւթը կը դնենք ընթերցողներու ուշադրութեան։

Հանքարդիւնաբերութիւնը միայն տղամարդու գործ չէ, կանայք այստեղ պահանջուած են

«Ոչ կնոջ աշխատանք» կարծրատիպը կտրուած է ԶՊՄԿ-ի մէջ, ուր չկայ առանց կնոջ միջամտութեան ոչ իսկ մէկ արտադրամաս։

Կանանց ներկայութիւնն ամէնուրէք, կը համարուի արդիւնաւէտ աշխատանքի գլխաւոր գրաւականը: Չխախտելով աւանդոյթը` այս տարի ալ կանանց տօնի մէկամսեակի շրջածիրէն ներս զրոյց վարուած է ԶՊՄԿ-ի կին աշխատակիցներու հետ:

ԶՊՄԿ-ի աւելի քան 4600 աշխատակիցներէն 1036-ը կիներ են: Բոլորն ալ սիրուած ու գնահատուած են աշխատավայրին մէջ: Կանանց հետ աշխատելու երկարամեայ փորձ ունեցող գործարանի ուժանիւթի արտադրամասի ղեկավար Արմէն Պօղոսեանն այս միտքին աւելցուցած է` կանայք մէկամսեակի առթիւ տղամարդոցմէ նաեւ նուէրներ կը սպասեն: Ըսած է`անոնց հետ աշխատիլը ե՛ւ հեշտ է, ե՛ւ դժուար, պարզապէս պէտք է կարենալ կանանց հետ լեզու գտնել:

Նինա Վասիլեանը հարստացուցիչ գործարանի շարժիչ ուժն է: Երկարամեայ փաթեթաւորող է, ու ոչ թէ ծաղիկներ կը փաթեթաւորէ, այլ` մոլիբպտենի թոներով պարկեր: Ան ըսած է` գիւղին մէջ ապրած-մեծցած 29-ամեայ աղջիկ էր, երբ առաջին անգամ մտած է գործարան: Համաձայն չէ այն մտքին հետ, որ ֆիզիքական գործը միայն տղամարդոց համար է: Իր արտաքին տուեալները` բարձր հասակը, ամուր ձեռքերը, ինչպէս նաեւ ուժեղ բնաւորութիւնը թոյլ կու տան կատարել նաեւ ֆիզիքական աշխատանք։

Արտադրութեան կանայք ոչ պակաս խնամուած են, պահանջուած ու գնահատուած. այս մտքին հետ համաձայն են ԶՊՄԿ-ի մէջ, աւելին`այստեղ աշխատող կանայք վստահ են`առանց իրենց մասնակցութեան պղինձ ու մոլիպտեն հաւաքելը պարզապէս անհնար կ՚ըլլար:

Պակաս հետաքրքրական չէ նաեւ Աննա Ստեփանեանի գործը: Հարստացուցիչ գործարանէն պղինձի անխափան հոսքին կը հետեւի` անդադար կապի մէջ ըլլալով չորացման արտադրամասի գործընկերներուն հետ: Այսքանով հանդերձ, երբեք չի մոռնար իր արտաքին տեսքի մասին` սանտրուածքը միշտ տեղը, ժպիտն ալ` դէմքին: Չթերագնահատելով տղամարդոց` կը շտապէ անկեղծանալ «արտադրութեան մէջ կին ըլլալը կ՚օգնէ»:

Ճարտարարուեստական վերահսկողութեան բաժնի մէջ տիրող տրամադրութիւնը «նախանձելի» է: Կանացի այս միջավայրին մէջ շատ պատասխանատու գործ կը կատարուի. գործարաններ մուծուող բոլոր ապրանքները, այդ շարքին բարձուած հսկայ մեքենաները վերաhսկող կանանց խիստ հայեացքի ներքոյ են:

«37 տարի առաջ, երբ մտայ գործարան, փոխարինեցի աւագ սերունդի մասնագէտները, շուտով նաեւ զիս պիտի փոխարինեն ուրիշներ։ Կանայք եւս հոգեբանօրէն պէտք է պատրաստ ըլլան վաստակած հանգիստին, սերնդափոխութիւն պէտք է ըլլայ»,– ըսած է ճարտարարուեստական վերահսկողութեան բաժնի կշիռքավար Զոյա Վանէսեան: Օրինակ, ան որոշած է` կենսաթոշակի անցնելէ ետք խմորեղէնի արտադրամաս մը հիմնել։

– ելեկտրականութիւնն ու կինը առաջին հայեացքով կը թուին անհամատեղելի,– ըսած է Անահիտ Անդրէասեան:

Բարձր լարման ենթակայանին մէջ 9 կիներով իրենց վրայ վերցուցած են անխափան ուժանիւթի մատակարարման պատասխանատւութիւնը: Ուժանիւթի արտադրամասի վահանավար Անահիտ Անդրէասեան պատմած է, որ գնահատուած է աշխատանքին մէջ, կը տիրապետէ իր սիրած գործին, իսկ տարիներու փորձն ալ կ՚օգնէ տարբեր իրավիճակներու մէջ ճիշդ կողմնորոշուելուն:


Այս նիւթի պատրաստման համար օգտուած ենք լրագրող՝ 
Հերմինէ Միքայէլեանի հրապարակումէն 

Լուսանկարները՝ Նուէր Զելիայի

 

 Նիւթը՝ «Ժամանակ»-էն/Պոլիս