Քէյթին պահեց իր խոստումը մինչեւ որ օր մը հիւանդացաւ եւ ղրկուեցաւ Ֆրանսա բուժուելու, իսկ ես գործը ձգելով սկսայ տարբեր տեղեր աշխատիլ: Նախ Զէյթունիէ «Տիւքէլթօ 222» աշխատեցայ, ուր վարպետս իտալացի օդաչու մըն էր՝ Ճիւլիօ Կաթթի, որ Պէյրութը այնքան շատ սիրած էր որ եկած եւ հաստատուած էր հոս ու ճաշարան բացած: Իսկ կինը՝ շատ վարպետ խոհարարուհի մը, բայց բնաւորութեամբ ջղայն, դիւրագրգիռ կին մը, որ միշտ կռիւ կ՚ընէր պաշտօնեաներուն հետ: Ժամանակ մը ետք անոնք ճաշարանը փոխադրեցին Մքալլէս, այս անգամ «Ժարտէն տէլ չէզա» անունով եւ ես հոն սկսայ աշխատիլ: Յաճախ ըմբոստ էի, եւ պատրաստ կռիւի եւ քեռիիս տղան խորհուրդ տուաւ որ երթամ ըմբշամարտ խաղամ եւ զայրոյթս պարպեմ ու այսպէս ըմբշամարտիկ դարձայ Բաղանքաւոր մարզական ակուբին մէջ եւ՝ ախոյեան, մասնակցելով տարբեր մրցաշարքերու եւ նոյնիսկ առաջին խումբի մարզիկներուն մէջ էի, որոնք պիտի ներկայացնէին Լիբանանը ողիմպիական խաղերուն:
1958 թուականն էր եւ Պէյրութի մէջ շատ խռովութիւններ եղան: Օր մը՝ իրիկնամուտ էր եւ կը պատրաստուէի գործի երթալ, մայրս ըսաւ: «Աւօ տանիք ել եւ լուացքը հաւաքէ»: Ելայ եւ յանկարծ զէնքի կրակոցներ սկսան մեր թաղը: Անմիջապէս հաւաքեցի լուացքը եւ վար իջայ ու մի քանի վայրկեան չանցած մեր իսլամ դրացին եկաւ եւ բարկացած ըսաւ: «Մեր վրայ կը կրակե՞ս» եւ շարունակեց ըսելով թէ իրենք զիս խնամած եւ հոգ տարած էին եւ ես հիմա իրենց վրա՞յ կը կրակեմ: Ես անշուշտ անտեղեակ փորձեցի համոզել թէ ես չէի: Սակայն նոյն իրիկունն իսկ մեր տան վրայ ձեռնառումբ նետեցին: Իսկոյն ընտանեկան ժողով մը գումարեցինք եւ որոշեցինք որ ես պէտք էր հեռանայի տունէն եւ Այն մրէյսի երթայի, քեռիիս աղջկան նշանածին՝ Հայկ Յովսէփեանին քով, նախքան ամէն բան աւելի բարդանար: Բայց մի քանի օր ետք կացութիւնը վատթարացաւ եւ բոլոր ընտանիքս փոխադրուեցաւ Այն մրաէյսի ապա Լեռնային Լիբանանի Պուա տը պոլոն գիւղը: Արդէն սկսած էր Լիբանանի յեղափոխութիւնը: Գործադուլ, խռովութիւններ, սպանութիւններ իրար կը յաջորդէին: Կորսուած էր Պէյրութի ներդաշնակ կեանքը եւ մարդիկ կը մօտենային իրարու, իրենց կուսակցական համոզումներուն համաձայն: Երկրի քաղաքական կացութիւնը եւ անապահովութիւնը ընդհանուրին խօսակցութեան նիւթն էր, թէ ո՞վ իրաւունք ունէր՝ Շամո՞ւնը, թէ յեղափոխութեան դրօշը պարզած Ժոմպլաթը կամ Սաէպ Սալամը:
Բայց մտահոգութիւնը մասամբ փարատեցաւ երբ ամերիկեան ուժերը ներխուժեցին Լիբանան եւ 14 հազար ամերիկացի «մարինզ» ղրկուեցան լիբանան, կասեցնելու շրջանէն ներս տիրող համայնավարութեան վտանգը: Ամերիկացի զինուորները գրաւեցին Պէյրութի օդակայանը, նաւահանգիստը եւ դէպի մայրաքաղաք տանող ճամբաները: 58-ին հայկական թաղերը՝ Էշրէֆիէն, Հաճընը, Պուրճ համուտը, թատերաբեմ դարձած էին սպանութիւններու, ոճիրներու: Հայը հայ կը սպաննէր, կարծես թշնամի թուրքն էր: Դժբախտաբար ոչ մէկ յորդոր կամ զգուշացում կրցան կասեցնել արիւնայեղութիւնը: Միայն ներքին գործոց նախարար՝ Րէմոն Էտտէի խիստ վերջնագիրը ուղղուած հայ կուսակցական ղեկավարներուն կրցաւ վերջ դնել 58-ի ներ-հայկական պատերազմին:
Միայն այն ատեն վերադարձանք տուն, վերադարձանք մեր գործերուն, հաւատալով որ նոր էջ մը պէտք էր բացուէր եւ նոր մօտեցում որդեգրուէր Լիբանահայութեան պատմութեան մէջ:
Նաթալի Քէնտիրճեան
(շար. 7)