image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիան ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջև խաղաղության համաձայնագրի նախաստորագրումը

Սուրիան ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջև խաղաղության համաձայնագրի նախաստորագրումը

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կ՚ողջունէ 2025-ի Օգոստոս 8-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ ձեռք բերուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դրուատելի ջանքերուն շնորհիւ։

Այս մասին նշուած է Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը, դիտարկելով այս համաձայնութիւնը իբրեւ կարեւոր քայլ մը, որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, եւ պիտի ամրապնդէ հակամարտութիւնները խաղաղ միջոցներով լուծելու սկզբունքը, կը շնորհաւորէ համաձայնագրի երկու կողմերը՝ իրենց տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնելու եւ խաղաղութեան հասնելու համար, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութեան վրայ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։