image

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութիւնը

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ պաշտօնապէս նախկին նախարար Ժորժ Քալլասէն ստանձնեց իր պաշտօնը:

Քալլաս շնորհաւորեց նախարար Պայրագտարեանը` «իշխանութեան ամենայն բարիք խոստացող առաջին կառավարութեան» անդամ նշանակուելուն առիթով, եւ ըսաւ. «Ես ուրախ եմ, որ յանձնումն ու ստանձնումը տեղի կ՛ունենան երկու դասախօսներու միջեւ Լիբանանեան համալսարանի, որ միշտ կոչուած է «հանրապետութեան խորհրդատուն», եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր նախարարին:

Պայրագտարեան յայտնեց. «Ուրախ եմ ու պատիւ կը զգամ այս կառավարութեան մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար նշանակուելով հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին վստահութեան արժանանալուս համար` ծառայելու համար մեր հայրենիքին` սիրելի Լիբանանին, ինչպէս նաեւ ուրախ եմ այս նախարարութիւնը Լիբանանեան համալսարանի գործընկերէս ստանձնելուս համար»:

«Այս կառավարութիւնը կը կրէ բարեկարգման ու կառուցման նշանաբանը` փոփոխութեան հիմքը դնելու եւ յառաջիկայ փուլին ենթահող պատրաստելու համար, ինչպէս վարչապետը առաջարկեց: Ուստի պէտք է ծրագրենք, ուսումնասիրենք, քննարկենք, առաջարկենք ու գործենք ապագայ Լիբանանի հիմքը դնելու համար, եւ Լիբանանի աւելի լաւ ապագայի յոյսի գրաւականը անկասկած անոր երիտասարդութիւնն է: Երիտասարդութիւնը այն իսկական ուժն է, որ կրնայ Լիբանանը կանգնեցնել յառաջադէմ պետութիւններու շարքին: Մեկնելով այս իրողութենէն, առաջնահերթութիւնս պիտի ըլլայ երիտասարդութեան աջակցիլ եւ զանոնք կարող դարձնել իրենց առջեւ գտնուող դռները բանալու` ազդու մասնակցութիւն ունենալու համար արդի եւ զարգացած ընկերութեան կառուցման մէջ», նշեց նախարարը:

Ան նշեց. «Պիտի ձգտինք մարմնակրթական դիւանագիտութեան մշակման, գործադրութեան եւ ջատագովման»: Նախարար Պայրագտարեան աւելցուց, որ անհամբեր կը սպասէ բարեկամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու սերտացման:

Նախարարը յայտարարեց, որ նախարարութեան թղթածրարին լաւապէս ծանօթանալէ ետք պիտի յայտարարէ Լիբանանի մէջ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ռազմավարութեան գործադրման ծրագիր մը, որուն առաջարկները պիտի գան նոյնինքն երիտասարդներէն եւ մարզիկներէն:

«Այս նախարարութիւնը պիտի ըլլայ հարթակ մը` լսելու երիտասարդներուն ձգտումները, եւ պիտի ջանայ զանոնք ռազմավարական ծրագիրի ճամբով կառավարական քաղաքականութեան վերածել», ըսաւ Պայրագտարեան:

«Կը խոստանամ կարելի ջանքս թափել մեր երիտասարդներուն ու մարզիկներուն ծառայելու` պատասխանատուութեամբ, թափանցիկ կերպով եւ հաւատարմութեամբ` մեկնելով հաւատքէս, թէ Լիբանանի ապագան կախեալ է անոր երիտասարդութեան կամքէն ու ստեղծագործական կարողութիւններէն, եւ բոլորս ալ այս երթին մէջ գործընկերներ ենք», եզրափակեց նախարարը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն