Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հալէպահայ սաները այցելութիւն տուած են Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 8 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս ուսանող հալէպահայ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ սաները, որոնք այցելած էին Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ անոր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները լսելու։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գօտեպնդեց սաները, իր ուրախութիւնը յայտնեց դպրեվանքի առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովելուն համար եւ առաւել իմաստութիւն, շնորհք, աշխատասիրութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։
Սրբազան Հայրը սաներուն պատուիրեց, որ արձակուրդի շրջանին իրենց ծառայութիւնը շարունակեն՝ թեմի եկեղեցիներէն ներս եւ իրենց ներկայութեամբ, վարքով ու ծառայութեամբ օրինակ հանդիսանան։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց ուսանողներուն, մաղթելով, որ արձակուրդի ժամանակաշրջանին զանոնք ընթերցեն, ապա վերադառնալով դպրեվանք իրենց ուսումը կատարելագործեն։