Հալէպի հայկական շրջանակներուն մէջ յարգուած անձնաւորութիւն եւ ՍԴՀԿ նուիրեալներէն Հրաչ Գէորգեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ օրեր առաջ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրաչ Գէորգեանի մահուան տխուր առիթով ՍԴՀԿ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ Հրանդ Աթթարեան խօսքը։
«Ոչ եւս է ընկեր Հրաչ Գէորգեանը։
Ոչ եւս է մեր հեզահամբոյր, համեստ, ժպտադեմ, ընկերասեր, միշտ ծառայելու պատրաստ ընկեր Հրաչը։
Ոչ եւս է հալեպահայութեան ընդհանրապէս եւ Կիլիկեան շրջանակին յատկապէս անսակարկ նուիրումով ծառայող վսեմ հայորդին եւ գաղափարի ընկերը։
Ծնած է Հալեպ 1959-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կիլիկեան վարժարանի յարկին տակ եւ ապա նետուած է կեանքի ասպարէզ մասնագիտանալով մեքենաշինութեան մէջ։ Միութենական կազմաւորումը սկիզբ ունեցած է հայ մարմնամարզական միութեան մէջ։ Փոքր տարիքէն եղած է սկաուտ եւ երեցական։ Ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ոգին ու դաստիարակութիւնը ստացած տխրունի ուսանողական երիտասարդական միութեան շարքերուն մէջ։ Ժամանակի թաւալումին հետ ստանձնած է զանազան պաշտօններ զորս կատարած է ձեռնհասօրէն։ Նշանակուած է Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամ եւ վերջին տարիներուն կազմին ատենապետը։
Ընկեր Հրաչ ոեւէ ճիգ չէ խնայած նիւթապէս ու բարոյապես սատար հանդիսանալու իր շատ սիրելի Կիլիկեան կրթական հաստատութեան եւ նպաստած անոր յառաջխաղացումին ու վերելքին։ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով վնասուած Կիլիկեան ճեմարանի շէնքին վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ իր ընկերներուն հետ։
Ընկեր Հրաչ յատուկ կազմակերպութեան մը յարած ըլլալով հանդերձ հատուածական նկարագիր չունէր։ Հաւասարակշռուած յարաբերութիւն կը մշակէր հայ կեանքէն ներս գործող կառոյցներուն հետ անխտիր եւ իր ծառայութիւնը կը մատուցէր բոլորին։ Կը գործէր լռելեայն առանց թմբուկի, առանց աղմուկի, զուրկ սնափառութեան հոգեկան ախտէն։ Որպէս ջերմեռանդ հաւատացեալ ամէն կիրակի կը յաճախէր եկեղեցի աղօթելու եւ մոմ մը վառելու սուրբի մը դիմանկարի ընդառաջ։ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի կողմէ նշանակուած էր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ։ Այդ հանգամանքով մեծ բաժին ունեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգման հսկայական աշխատանքին։
Ընկեր Հրաչ ընտանեկան բույնը կազմած է շնորհալի տիկին Մայտա Մերթիխանեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու սիրասուն զաւակներով Արազ եւ Գէորգ։
Ամիսներ առաջ երբ այն պաշտօնի կոչուեցաւ ՍԴՀԿ-ի կեդրոնական վարչութեան կողմէ, անողոք հիւանդութիւնը արդէն սկսած էր նախանշաններ ցոյց տալ եւ հետզհետէ արմատաւորուելով տկարացուցած էր յոգնիլ չգիտցող իր մարմինը։ Ի դեմս այս վիճակին ան բնաւ չյուսալքուեցաւ, կորովաթափ չեղաւ այլ զարմանալի ուժականութեամբ մը շարունակեց իրեն վստահված պարտականութիւնը մինչեւ վերջին շունչը։
Սիրելի ընկեր Հրաչ, մենք ամենօրեայ ներկայութիւն էինք հետդ, եւ դժուար թէ հաշտուինք բացակայութեանդ։ Պիտի ապրինք յիշատակներովդ որպէս անզուգական ընկեր եւ հրաշալի մարդ։
ՍԴՀԿ հիւսիսային Սուրիոյ շրջանի վարիչ մարմինի եւ ուղեկից միութիւններու անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ գաղափարի ընկերներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնքի արքայության արժանացնէ»։