Փարիզ քաղաքամասի հրապարակներէն մէկը պիտի կոչուի նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ խմբավար, երաժիշտ Կարպիս Ափրիկեանի անունով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Փարիզ 9-րդի թաղապետարանը Յունիսի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ քուէարկած է որոշում մը, ըստ որուն քաղաքամասի հրապարակներէն մէկը պիտի կոչուի նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ խմբավար, երաժիշտ Կարպիս Ափրիկեանի անունով։
Նախատեսուած է Մոպէօժ եւ Ապըվիլ փողոցներու խաչմերուկին գտնուող հրապարակը վերակոչել Մաէսթրոյին անունով։