image

Օճալանի դաջուածքով ամերիկացի զինուորներու թեման զայրացուցած է Անգարան

Օճալանի   դաջուածքով  ամերիկացի  զինուորներու թեման  զայրացուցած է Անգարան

Ամերիկացի  զինուորներ երեւցած  են  Սուրիոյ տարբեր  քաղաքներուն մէջ: Լրատուական  աղբիւրներ այս մասին լուր փոխանցելով, նոյնպէս կը հաղորդեն, որ ամերիկեան բանակի շուրջ  300 մասնայատուկ ուժերու   միաւորներ  կը  կռուին  Սուրիոյ  քիւրտերուն կողքին: Զինուորները կը մասնակցին  մասնաւորապէս Ռաքքայի  մարտերուն: Ֆրանսական AFP-լրատուական  գործակալութիւնը  նոյն թեմային մասին անդրադառնալէ    բացի, կը հաղորդէ, որ   ամերիկացի զինուորներ  կան նաեւ Սուրիա- Թուրքիա  սահմանային գօտիին    վրայ տեղակայուած  քրտական YPG -ի զօրանոցներուն  մէջ: Անոնցմէ շատեր, իրենց տարազներուն վրայ կը  կրեն   քրտական  PKK-ի  կերպը, ինչպէս նաեւ PKK-ի բանտարկուած առաջնորդ Ապտալլա Օճալանի դաջուածքը:  Պաշտօնական  Անգարա  այս մասին լուրերու  հրապարակումէն  ետք յատուկ դիմում մը գրած է  Ուաշինկթընի: Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրդովմունքը     ամերիկացի  զինուորներու YPG–ի շարքերէն կռուելու փաստին  առնչութեամբ նոյնպէս երեւելի դարձած  է Թուրքիոյ նախագահ   Էրտողանի՝  օրերս   արտասանած խօսքին  մէջ: