Ֆրանսան Ատրպէյճանէն առաջընթաց կ՚ակնկալէ Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու մէջ մինչեւ COP29-ի կայացումը, յայտարարած է Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն հայ գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ Երեւանի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
«Ֆրանսան կ՚աջակցի պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման, որ պիտի հաստատէ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն՝ յարգելով երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը։ Սա 1991 թուականին Ալմաթայի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթի ողջ իմաստն է։ Փրակայի մէջ հանրութեան ներկայացուած է նոյն գաղափարը», -ըսած է Սեժուրնէն։
Ֆրանսան, անոր խօսքով, նոյն սկզբունքներու հիման վրայ կ՚աջակցի նաեւ երկիրներու միջեւ սահմանազատման գործընթացին։ Փարիզի մէջ կը կարծեն, որ Հարաւային Կովկասը պէտք է դառնայ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տարածաշրջան։
«Հայաստանը խաղաղութիւն կ՚ուզէ, Ֆրանսան, միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կ՚ուզեն։ Եւ քանի որ Ատրպէյճանը շուտով պիտի ընդունի COP29-ը, անոր վրայ դրուած է պատասխանատւութիւնը՝ միջոցառումէն առաջ ցոյց տալ, որ անկեղծօրէն կ՚ուզէ հասնիլ խաղաղութեան։ Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է կարողանանք արագ առաջ շարժիլ այս հարցով», -ըսած է նախարարը։
Աւելի վաղ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն առաջարկած էր ստորագրել խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած դրոյթները, իսկ աւելի ուշ քննարկել մնացած կէտերը: Պաքուի մէջ յայտարարած են, որ նման մօտեցումն իրենց համար անընդունելի է։