image

Ատրպէյճանը սահմանազատում պիտի իրականացնէ այնտեղ, ուր իրեն ձեռնտու է. Սէյրան Օհանեան

Ատրպէյճանը սահմանազատում պիտի իրականացնէ այնտեղ, ուր իրեն ձեռնտու է. Սէյրան Օհանեան

Ատրպէյճանը սահմանազատում պիտի իրականացնէ միայն այնտեղ, ուր իրեն ձեռնտու է։ Այսօր խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովի կանոնակարգը։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի մասին կանոնակարգի սահմանադրականութեան հարցը Սահմանադրական դատարանին մէջ պիտի քննուի սեպտեմբեր 24-ին։

«Այն հակասութիւնները, որ կան կանոնակարգի մէջ, ներկայացուել են ՍԴ-ի հաւանութեան արժանանալուն։ Եւ սա էլ հետագային հիմք է հանդիսանալու, որ Ադրբեջանը ճնշի Հայաստանին`ասելով` նոյնիսկ ձեր ՍԴ–ն է դրական կարծիք տուել դրան»,–ըսած է Սէյրան Օհանեանը։

Ըստ նախկին նախարարի` այնտեղ առնուազն 2 կարեւոր եւ անիրատեսական կէտեր կան։ Առաջինը կը վերաբերի Ալմա Աթայի հռչակագրի մասին կէտին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հնարաւորութեան յղում կատարելուն, երկրորդն ալ, որ կարելի է սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնել հատուածական։

«Այսինքն` այնտեղ, որտեղ Ադրբեջանը ցանկանայ, իր շահերից ելնելով, իրականացնելու է սահմանազատում, իսկ այնտեղ, որտեղ չցանկանայ, չի անցկացնելու»,–ըսած է ան։

Օհանեանը վստահ է, որ Ատրպէյճանը ՍԴ–ի հաւանութիւնը պիտի օգտագործէ իշխանութիւններու վրայ հետագայ ճնշումներու համար։

«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Գեղամ Մանուկեանն ալ ըսած է, որ հարցումներ ուղարկած է ԱԳՆ եւ ԱԱԾ ղեկավարներուն՝ ճշդելու համար, թէ արդեօք Վրաստանի հետ սահմանագծման ու սահմանազատման միջպետական յանձնաժողովներու կանոնակարգը քննարկուած է Սահմանադրական դատարանի կողմէ: