image

Ես ալ հայ եմ, ես ալ մարդ եմ

Ես ալ հայ եմ, ես ալ մարդ եմ

Նորէն Օգոստոսի 26-ն է, 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներու 66-րդ տարին եւ նորէն անտարբերութիւն. ո՛չ մէկ պատրաստակամութիւն Եկեղեցիով եւ կուսակցութիւններով ներողութիւն խնդրելու զոհերու մայրերէն, այրիներէն եւ որբերէն: Այս բոլոր անտարբերութիւններուն տրամաբանական հետեւանքն եղաւ մեր վերածուիլը ՊԱՐՏՈՒԱԾ ամբոխի: Երբ չենք ընդունիր անցեալի սխալները եւ դաս չենք քաղեր մեր յիմար սխալներէն՝ կը դառնանք ՊԱՐՏՈՒԱԾ:

Երբ չենք ուզեր զղջալ, ամչնալ մեր ոճիրներուն համար, զանոնք խոստովանիլ, ապաշխարել, ներողութիւն խնդրել մարդոցմէ եւ քաւութիւն՝ Աստուծմէ, հետեւանքը կ’ըլլայ ազգային պարտութիւնը Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մէջ: Դարձանք ՊԱՐՏՈՒԱԾ հաւաքածոյ մը, որովհետեւ ազգ ըլլալէ շատոնց դադրած ենք: Արդեօք պիտի գա՞յ օրը, երբ պիտի յայտնուի մարդկային ու ազգային արժէքներուն հաւատարիմ առաջնորդը, որ համախմբէ մեզ, դուրս կը բերէ այս մղձաւանջէն եւ հոգեւոր ու բարոյական զարթօնքով հիմնովին շրջէ մեր ներկայի աղետալի վիճակը:

Բարոյապէս իջած ենք այն աստիճանին, որ կը հպարտանանք մեր … կորուստներով՝ թշնամիներուն զիջելով ամէն ինչ, ամենէն առաջ՝ հայրենի հողն ու ազգային արժանապատւութիւնը: Հաւանաբար շուտով զիջինք ինչ որ մնացած է Մայր Հայրենիքէն: Մենք զօրաւոր ենք իրարու հայհոյելու, իրարու դէմ սուր շարժելու, իրարու դէմ կրակելու մէջ, իսկ մեր առաջնորդները մտահոգուած են ազգէն ու պետութենէն իրենց կողոպտածները պահպանելու եւ բազմապատկելու <լուրջ> հարցով:

Դժբախտաբար այս է իրականութիւնը:

Կ’ուզեմ հարցնել` մենք բարոյական ի՞նչ ժառանգ պիտի ձգենք նոր սերունդներուն, զանոնք ինչպէ՞ս պիտի համոզենք, որ մենք տարբեր ենք ուրիշներէն, երբ մենք ՊԱՐՏՈՒԱԾ ենք, ամենէն առաջ՝ բարոյականութեան ճակատին վրայ:

Ո՜վ դուք ղեկավար կոչուածներ, եկեղեցական թէ աշխարհական,

Դուք ձեր հօտին, ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն պիտի ժառանգէք ձեր ճակտին դաջուած ամօթի խարանը եղբայրասպան ոճիրներու: Ուշքի՛ եկէք, տիկնայք եւ պարոնայք, վե՛րջ տուէք ազգի պառակտումին, թշնամանքի հասած ատելութեան, համախմբուեցէ՛ք ու զօրացէ՛ք, որպէսզի խաղալիք չդառնանք մեր թշնամիներուն եւ նոյնիսկ բարեկամներուն ձեռքին:

Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան նախճիրներէն 66 տարի ետք, ոչ մէկ բան մոռցուած է: Երիտասարդ նահատակներուն ծնողներն ու այրիները եթէ այլեւս չկան այս աշխարհին մէջ, կան սակայն անոնց զաւակները, թոռներն ու ծոռները, միւս հարազատներն ու ընկերները: Անոնք միշտ պիտի սպասեն եւ պահանջեն ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը:

Միայն անկեղծ զղջումն ու ներողութեան հրապարակային խնդրանքը կը մաքրէ բոլոր եղբայրասպան ոճրագործներուն ժառանգորդները եւ անոնց պատկանած կուսակցութիւններուն ղեկավարները ամօթի եւ մեղքի յաւիտենական խարանէն։

Այո՛, կը յիշեմ ու պիտի յիշեմ եւ պիտի պահանջեմ: ԱՅԴ ԻՄ ԻՐԱՒՈՒՆՔՍ Է:

 

Բաբկէն Պոյաճեան, Թորոնթօ,

26 Օգոստոս 2024

«Գեղարդ»