image

Բարի առաքելութեան շարունակութիւն՝ Հ. Գառնիկ ծ. Վրդ. Յովսէփեանին

Բարի առաքելութեան շարունակութիւն՝ Հ. Գառնիկ ծ. Վրդ. Յովսէփեանին

Օրերս իր լրումին հասաւ Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Միաբանութեան եռանդուն միաբաններէն՝ Հ.Գառնիկ ծ.վրդ Յովսէփեանի քահանայական ձեռնադրութեան 22-րդ տարեդարձը։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ վարդապետի դիմատետրեան էջէն։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք վարդապետին գրառումը մշտատեւ եւ քրիստոսաւանդ առաքելութիւն մաղթելով սիրելի վարդապետին։

 

Նշենք նաեւ, որ տանէ աւելի տարիներ Հայաստանի մէջ ծառայութիւն մատուցելէ ետք վարդապետը ներկայիս հաստատուած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ, ուր կը ծառայէ, որպէս հոգեւոր հովիւ Առաջնորդ ունենալով Տ. Անդրանիկ եպս. Այվազեանը։

 

 

14/09/2002- 14/09/2024

Դու ես Քահանայ Յաւիտեան...

Այսօր իմ Քահանայական Ձեռնադրութեանս 22-րորդ Ամեակն է։

Կը խնդրեմ աղօթեցեք ինձի համար։

Today i am celebrating the 22-th anniversary of my Priesthood Ordination.

Please I ask you to pray for me.