image

Իրանի խորհրդարանին մէջ. «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ խստաոճ քննարկումներ

Իրանի խորհրդարանին մէջ. «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ խստաոճ քննարկումներ

Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ Ֆատա Հոսէյն Մալեքին յայտարարած է, որ Ռուսիան, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ «պնդումներ  կ՚ընէ», որ բացարձակապէս «ընդունելի չէ» Իրանի ժողովուրդի եւ խորհրդարանի համար: Այս մասին գրած է isna.ir կայքը:

Ան Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ըրած է «խիստ նախազգուշացում» ընելու ռուսական կողմին։

«Երկրի դիւանագիտական համակարգը ռուսերուն պէտք է լուրջ նախազգուշացում տայ: Մեզ մէկ կողմէն կը մեղադրեն ուքրանական պատերազմին մէջ ռուսերուն աջակցելու համար, միւս կողմէ՝ ռուսերը մեկնաբանութիւն կ՚ընեն երեք կղզիներու (Մեծ եւ Փոքր Թոմպերը, Ապու Մուսան) վերաբերեալ եւ, չես գիտեր ինչու, իրանեան կղզիները կը համարեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններունը, իսկ միւս կողմէ՝ կը միջամտեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հարցերուն, որ ոչ մէկ ձեւով ընդունելի է», -ըսած է քաղաքական գործիչը։