Միացեալ Նահանգները լաւ գիտէ, թէ որոնք են Ռուսիոյ կարմիր գիծերը, անոնց հետ կատակելու կարիք չկայ, ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ մեկնաբանելով մամուլով տարածուած լուրերն այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է Ուքրանիոյ F-16 կործանիչներու համար թեւաւոր հրթիռներ մատակարարել։
Այս մասին գրած է ՌԻԱ Նովոսթին:
«Ես ոչ մէկ բանի համար չեմ զարմանար: Ամերիկացիներն արդէն հատած են իրենց իսկ սահմանած շեմը, եւ Զելենսքի, ի հարկէ, կը տեսնէ այդ մէկը եւ կ'օգտուի: Անոնք, որոնք կը կատակեն մեր կարմիր գիծերու մասին, պէտք չէ այդպէս վարուին: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ ուրկէ կ'անցնին մեր կարմիր գիծերը»,- ըսած է Լաւրով։