Ամերիկացի զինուորներ երեւցած են Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ: Լրատուական աղբիւրներ այս մասին լուր փոխանցելով, նոյնպէս կը հաղորդեն, որ ամերիկեան բանակի շուրջ 300 մասնայատուկ ուժերու միաւորներ կը կռուին Սուրիոյ քիւրտերուն կողքին: Զինուորները կը մասնակցին մասնաւորապէս Ռաքքայի մարտերուն: Ֆրանսական AFP-լրատուական գործակալութիւնը նոյն թեմային մասին անդրադառնալէ բացի, կը հաղորդէ, որ ամերիկացի զինուորներ կան նաեւ Սուրիա- Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ տեղակայուած քրտական YPG -ի զօրանոցներուն մէջ: Անոնցմէ շատեր, իրենց տարազներուն վրայ կը կրեն քրտական PKK-ի կերպը, ինչպէս նաեւ PKK-ի բանտարկուած առաջնորդ Ապտալլա Օճալանի դաջուածքը: Պաշտօնական Անգարա այս մասին լուրերու հրապարակումէն ետք յատուկ դիմում մը գրած է Ուաշինկթընի: Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրդովմունքը ամերիկացի զինուորներու YPG–ի շարքերէն կռուելու փաստին առնչութեամբ նոյնպէս երեւելի դարձած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ օրերս արտասանած խօսքին մէջ: