2020-ի պատերազմէն երկար տարիներ առաջ եւ անկէ ետք Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ՀՀ-ի անվտանգութեան երաշխաւորն էր, սակայն ան ձախողեցաւ, թիկունք դարձուց, երբ Ատրպէյճանը վերագրաւեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ տարածքները:
Այս մասին ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձանաժողովի Եւրոպայի եւ տարածաշրջանայաին անվտանգութեան համագործակցութեան ենթայանձնաժողովի նիստին ըսած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընը։
«Այդ յանգեցուց յարաբերութիւններու խիստ խզման. ատկէ ետք Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կ՚ուզէ աւելի հեռանալ Ռուսիայէն: Հետեւաբար, մենք կը ստեղծենք պայմաններ, որ այդ տեղի ունենայ»,-ըսած է արտաքին գործոց նախարարի օգնականը: