image

ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցութեան խնդրով Ամերիկայէն մեկնաբանութիւն՝ Թուրքիոյ

 ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցութեան խնդրով Ամերիկայէն  մեկնաբանութիւն՝ Թուրքիոյ

Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը, մեկնաբանելով ՊՐԻՔՍ-ին միանալու Անգարայի մտադրութիւնը, ըսած է, որ երկիրը կրնայ յարաբերութիւններ հաստատել որու հետ ուզէ, մինչդեռ Ուաշինկթըն վստահ է ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակցի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ։

Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

«Թուրքիան ինքնիշխան եւ անկախ պետութիւն է։ Ան կրնայ կապեր հաստատել որու հետ ուզէ:

Մենք կը վստահինք Թուրքիոյ հետ մեր երկկողմ պաշտպանական յարաբերութիւններուն՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի ուժեղ գործընկեր»:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը յայտնած էր, որ Թուրքիան ՊՐԻՔՍ-ին լիիրաւ անդամակցութեան յայտ ներկայացուցած է, անոր յայտը պիտի քննարկուի։

Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն ընդունած է ՊՐԻՔՍ-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէրը։