image

Պոլիս. Հանրայայտ միաբան Զաքէոս Ծ.Վրդ. Կարգալոյծ յայտարարուեցաւ

Պոլիս. Հանրայայտ միաբան Զաքէոս Ծ.Վրդ. Կարգալոյծ յայտարարուեցաւ

Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիւանէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝

Զեկոյց Կրօնական Ժողովի 

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վարդապետ Օհանեան լուրջ հոգեկան եւ մարմնական առողջական պատճառներու բերմամբ տեղի տուած է անբաղձալի, անընդունելի գայթակղութեան հետեւանքի։

Հայր Սուրբը Կրօնական Ժողովի որոշումով իրեն տրուած ապաշխարութեան առիթը սահմանուած ժամկէտին անպատասխանի թողած է։

Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովը 2 Հոկտեմբեր 2025 թուի ԾԱ. Նիստին միաձայն որոշումով Հայր Սուրբը կարգալոյծ յայտարարած է եւ զինքը դասած՝ ի շարս աշխարհականաց, աւազանի Թորոս անունով։