image

Հենրիխ Մխիթարեանի կենսագրական գիրքը պատրաստ է

Հենրիխ Մխիթարեանի կենսագրական գիրքը պատրաստ է

Հայկական ֆութպոլի հռչակաւոր աստղ, ազգային խումբի նախկին ասպետ Հենրիխ Մխիթարեանի կենսագրական գիրքը պատրաստ է։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ալեսանտրօ Ալչիատոյի համահեղինակութեամբ գրուած գիրքը արդէն իսկ պատրաստ է իտալերէնով։

«Մեծ պատիւ էր Հենրիխին օգնել այս գիրքը գրելու, քանի որ ծանօթացայ լաւ մարդու, բարի, կրթուած անձնաւորութեան մը։ Ան բացուեցաւ եւ պատմեց ինծի իր պատմութիւնը։ Գիրքին մէջ շատ բան կայ, շատ բան իր անձնական կեանքէն․ պատմութիւն իր հօր մասին, զոր կորսնցուցած է 7 տարեկանին, Հայաստանի մէջ առանց լոյսի եւ առանց տաք ջուրի կեանքին մասին»,– նշած է Ալչիատօն։

Հենրիխ Մխիթարեանի կենսագրական գիրքը կը կրէ «Իմ կեանքը ուշադրութեան կեդրոնին» (La mia vita sempre al centro) խորագիրը։