image

Թուրքիան պիտի շարունակէ բնական կազ գնել Ռուսիայէն՝ հակառակ ԱՄՆ-ի կոչերուն․ Պայրաքթար

Թուրքիան պիտի շարունակէ բնական կազ գնել Ռուսիայէն՝ հակառակ ԱՄՆ-ի կոչերուն․ Պայրաքթար

Թուրքիան չի կրնար հրաժարիլ Ռուսիայէն կազ գնելէ, CNN Türk-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է երկրի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը։

Ան ընդգծած է, որ իշխանութիւնները չեն կրնար պարզապէս քաղաքացիներուն ըսել, որ կազը վերջացեր է։

«Կազամատակարարման անվտանգութիւնը կ՚ապահովուի այդ կազի աղբիւրներու պարտադիր օգտագործմամբ՝ առանց խտրականութեան։ Ձմեռը կը մօտենայ, եւ մենք ունինք յստակ համաձայնագրեր։ Մենք անպայման կազ պիտի ստանանք բոլոր աղբիւրներէն՝ համաձայն ատոնց՝ Ռուսիայէն, Ատրպէյճանէն, Իրանէն եւ Թուրքմենստանէն», - ընդգծած է պաշտօնեան։

Պայրաքթարը նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարեն՝ «Կապոյտ հոսք» խողովակաշարով Թուրքիա բնական կազի մատակարարման համաձայնագիրը երկարաձգելու մասին։

Աւելի վաղ Սպիտակ տան մէջ Ռեճէպ Էրտողանի հետ հանդիպման Տանըլտ Թրամփ կոչ ըրած էր Անգարային դադրեցնելու ռուսական ուժանիւթակիրներու գնումը եւ այդպիսով չնպաստել ռուս-ուքրանական պատերազմի շարունակման: