image

Քեսապ. Սիրոյ եւ հաւատարմութեան հանդիպում

Քեսապ. Սիրոյ եւ հաւատարմութեան հանդիպում

 «Արեւելք» (Քեսապ) Ո՞վ չէ լսած ու չէ մեծարած  Քեսապի հարազատ զաւակ՝ Յակոբ Չոլաքեանը, որ անկախ բոլոր տեսակի համալսարանական տիտղոսներէ կամ պատուական խօսքերէ բառիս բուն իմաստով մարդ է։ 

 Մարդ գլխագիր իմաստով, որ ոչ մետայլը առած պահուն, ոչ անկէ առաջ, ոչ ալ անկէ ետք  տուրք տուաւ այն ընկալումներուն, որուն դէմ պայքարելով կը շարունակէ իր երթը։

 Անկեղծութիւն, բարութիւն, ճշմարտացիութիւն ու էն կարեւորը մեր հանրութեան մէջ   դրական ցոլքեր  բերելու մեծ առաքինութիւնը։

Նոյնը անվարան  կերպով կարող ենք արձանագրել  հայ կաթողիկէ  Միաբանութեան եռանդուն  հայրերէն Հայր Գառնիկ ծ.վրդ. Յովսէփեանին մասին, որ երկար ժամանակ իր ծառայութիւնը նուիրական  կերպով հայրենի երկնակամարին ներքոյ կատարելէ ետք անցած է ծառայութեան նոր փուլի մը  մաս կազմելով Հայ Կաթողիկէ համայնքի Սուրիոյ  միաբանութեան։

 

Անցեալէն եկած ընկալումով մը ոչ միշտ է, որ  հայ ազգի գրողները կը համարուին յարգուած ու սիրելի։

Եթէ խելացի են այդ գրողները, մոլութիւններ չունին, հաւասարակշիռ են ու մանաւանդ գիտեն իրենց բառին ուժն ու դերը ապա կը դառնան հազարաւոր հայերու սիրելին ու յարգուած մարդը։

Նոյնը կարող ենք ըսել միաբան հայրերուն, քահանաներուն մասին,  որոնցմէ շատ-շատերը  կրօնական առաքելութիւնը շփոթած են  աշխատանք մը, ասպարէզ մը լրացնելու հետ։

 Այսօր այս մուտքով ուզեցինք տալ մեր լուրը, որովհետեւ մեր  տեղեկատւութեան եւ հիւրընկալը եւ ալ հիւրընկալուողը կը պատկանին այդ սիրելի դասին։

 Ո՞վ չէ լսած ու չէ մեծարած  Քեսապի հարազատ զաւակ՝ Յակոբ Չոլաքեանը, որ անկախ բոլոր տեսակի համալսարանական տիտղոսներէ կամ պատուական խօսքերէ բառիս բուն իմաստով մարդ է։ 

 Մարդ գլխագիր իմաստով, որ ոչ մետայլը առած պահուն, ոչ անկէ առաջ, ոչ ալ անկէ ետք  տուրք տուաւ այն ընկալումներուն, որուն դէմ պայքարելով կը շարունակէ իր երթը։

 Անկեղծութիւն, բարութիւն, ճշմարտացիութիւն ու էն կարեւորը մեր հանրութեան մէջ   դրական ցոլքեր  բերելու մեծ առաքինութիւնը։

 Նոյն անվարան  կերպով կարող ենք արձանագրել  հայ կաթողիկէ  Միաբանութեան եռանդուն  հայրերէն Հայր Գառնիկ ծ.վրդ. Յովսէփեանին մասին, որ երկար ժամանակ իր ծառայութիւնը նուիրական  կերպով հայրենի երկնակամարին ներքոյ կատարելէ ետք անցած է ծառայութեան նոր փուլի մը  մաս կազմելով Հայ Կաթողիկէ համայնքի Սուրիոյ  միաբանութեան։

 Ինչ կը վերաբերի մեր այսօրուայ գրառումին, ապա  հարկ է նկատել , որ Յակոբ Չոլաքեան օգտուելով իր ծննդավայր Քեսապ գտնուելու պատեհութիւնէն այցելութիւն տուած է Հ. Գառնիկին, ուր սիրալիր խօսակցութեան աւարտին երկու հեղինակները գիրքեր փոխանակած են։

 Լուսանկարները մեզի կը յուշեն, այն մեծ պարզութիւնը, ուր կը գործէ վարդապետը, առանց տրտնջալու, առանց դժգոհութեան այլ ըլլալով ապաւէն ու նեցուկ իր սիրելի հաւատացեալ հօտին։

 Ինչ կը վերաբերի Տիար Յակոբ Չոլաքեանին, ապա բոլորս արդէն գիտենք, որ հակառակ ամենադժուարին պայմաններուն Յակոբ Չոլաքեան միշտ ալ փութացած է իր ծննդավայր Քեսապ ու իր նուիրական օրէն ու ժամէն յատկացուցած իր սիրելի  գիւղին եւ հայրենակիցներուն։

Բարի երթ եւ առողջ օրեր կը մաղթենք մեր հայրենակիցներուն, յոյսը ունենալով եւ մաղթելով, որ հայ մտաւորական-հայ եկեղեցի-հայ միաբան կապը ըլլայ յարաճուն երբ մեր ազգին  բերէ ու մատուցէ  աւիշով եւ եռանդով լեցուն գործունէութիւններ։

 Հայ շինականը, հայ գիւղացին, հայ  գրողը եւ հայ  միաբանը ձեռք-ձեռքի պիտի տքնին, յանուն մեր ազգին, հայրենիքին ու ժողովուրդին։