Հանքարդիւնաբերութիւնը դարերէ ի վեր Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ ունեցած է խորագոյն ազդեցութիւն։ Մետաղական հանքերու շահագործումը, բացի տնտեսական աճէն եւ պետական պիւտճէին մուտքեր ապահովելէն, միշտ ալ կը բերէ բնապահպանական նոր հարցեր եւ մարտահրաւէրներ։ Այսօրուան համաշխարհային իրողութիւններուն մէջ, ուր կլիմայական փոփոխութիւնները եւ բնութեան նկատմամբ պատասխանատուութիւնը առաջնահերթութիւն դարձած են, հանքարդիւնաբերութիւնը այլեւս չի կրնար շարունակուիլ առանց արդիական մտածողութեան, նորարարական լուծումներու եւ անվտանգութեան յստակ չափանիշերու։ Հայաստանի մէջ ալ այս գիտակցութիւնը օրէ օր կը խորանայ։ Ճիշդ այս հանգամանքներով պայմանաւորուած է, որ համալսարաններու, միջազգային կառոյցներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու համագործակցութեամբ կը կազմակերպուին աշխատաժողովներ՝ նպատակ ունենալով վերարժեւորել հին փորձառութիւնները եւ ներկայացնել նոր տեսլականներ։
Օրերս՝ 29 Սեպտեմբեր 2025-ին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին (ՀԱՀ) մէջ կայացաւ նմանօրինակ աշխատաժողով մը։ Միջոցառումը, որ կը կայանար «Հանքարդիւնաբերական գործընթացներու գլոբալ առաջընթացը» խորագրին տակ, կազմակերպուած էր Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Պատասխանատու Հանքարդիւնաբերութեան Կեդրոնի, Գանատայի մէջ հիմնադրուած Հայկական Միջազգային Հանքարդիւնաբերութեան եւ Մետաղագորութեան Միութեան (AIMMS), Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատի եւ Գանատայի դեսպանութեան համագործակցութեամբ։
Աշխատաժողովը մէկ յարկի տակ հաւաքուած մասնագէտներուն համար դարձաւ բացառիկ առիթ մը քննարկելու այն ուղիները, որոնցմով կարելի է նուազեցնել մետաղական հանքարդիւնաբերութեան կողմէ շրջակայ միջավայրին հասցուող վնասները։
Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային Կոմբինատը (ԶՊՄԿ) այս աշխատաժողովին ներկայացուց ընկերութեան մէջ ներդրուող բնապահպանական կառավարման, արհեստագիտական անվտանգութեան եւ արդիականացման նոր համակարգերը։
ԶՊՄԿ-ի Ջրային միջոցներու բաժնի ղեկավար Արմենակ Սահակեան ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ՝ ներկայացնելով պոչամբարներու (պոչանքային ամբարտակ) կառավարման արդի մօտեցումները, որոնք հիմնուած են հիդրոցիկլոնաւորման (ջրապտտումացման) նորարարական արհեստագիտութեան վրայ։ Այս մեթոտները ոչ միայն նուազեցուցած են ծախսերը, այլեւ՝ խթանած թափոններու վերաօգտագործումը՝ միաժամանակ ապահովելով միջազգային ICOLD եւ GISTM չափանիշերուն համապատասխան անվտանգութիւն։
Իսկ Զարգացման եւ Հետազօտութիւններու բաժնի ղեկավար Արարատ Մկրտումեան անդրադարձաւ նիւթերու փոխադրութեան նորարարական համակարգերուն (IPCC, RopeCon, Railveyor)։ Անոր խօսքով, այս լուծումները միաժամանակ կը նպաստեն ուժանիւթի խնայողութեան, կը կրճատեն շահագործման ծախսերը, կը բարձրացնեն արտադրողականութիւնը եւ կը նուազեցնեն CO₂-ի արտանետումները՝ ստեղծելով աւելի ապահով եւ կայուն աշխատանքային միջավայր։
Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։