image
Հրատապ լուրեր:

«Together» հաստատութեան ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ՝ Յակոբ Յակոբեանի այցելեցին Սրբազան Հօր

«Together» հաստատութեան ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ՝ Յակոբ Յակոբեանի այցելեցին Սրբազան Հօր

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, ընդունած է «Together» հաստատութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ ներկայացուցիչ՝ տիար Յակոբ Յակոբեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց «Together» հաստատութեան անձնակազմը։

Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, հաստատութեան պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեան զեկուցեց հաստատութեան կատարած գործունէութեան շուրջ եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին խորհրդակցեցաւ Սրբազան Հօր հետ։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մեծապէս գնահատեց անձնակազմին աստուածահաճոյ ծառայութիւնը եւ համագործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ աշխատանքներուն։