image

Պուրսայի հայկական եկեղեցին կը վերանորոգուի

Պուրսայի հայկական եկեղեցին կը վերանորոգուի

Պուրսա նահանգի Եըլտըրըմ շրջանի քաղաքապետարանը սկսած է վերանորոգել տեղւոյն հայկական եկեղեցին, որ լքեալ ու անմխիթար վիճակ կը պարզէր։ Վերանորոգութենէն ետք երբեմնի հայկական եկեղեցին պիտի վերածուի երկյարկանի մշակութային կեդրոնի մը։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պուրսա նահանգի Եըլտըրըմ շրջանի քաղաքապետարանը սկսած է վերանորոգել տեղւոյն հայկական եկեղեցին, որ լքեալ ու անմխիթար վիճակ կը պարզէր։ Վերանորոգութենէն ետք երբեմնի հայկական եկեղեցին պիտի վերածուի երկյարկանի մշակութային կեդրոնի մը։ Հանրապետութեան հռչակումէն առաջ այս եկեղեցին պաշտամունքի վայր էր, հետագային ծառայած էր որպէս ծխախոտի պահեստ։

Եըլտըրըմի քաղաքապետարանը մշակած է յատուկ նախագիծ մը, որու համաձայն, շէնքի առաջին յարկի վրայ պիտի կառուցուին դահլիճ մը եւ երկու սրահներ՝ ցուցահանդէսներու եւ աշխատաժողովներու համար։

Քաղաքապետ Օքթայ Եըլմազ յայտնեց որ այս կառոյցը ո՛չ միայն պատմական տեսակէտէ կարեւոր շինութիւն մըն է, այլ նաեւ Պուրսայի հաւաքական յիշողութեան ու ժառանգութեան մաս մը։