Սուրիոյ դատարանը երկրի նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի ձերբակալութեան հրաման տուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ SANA գործակալութիւնը։
«Պաշշար Ասատի հեռակայ ձերբակալութեան հրաման տրուած է 2011-ին Տերաայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կապուած մեղադրանքներով»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գործը յարուցուած է Տերաայի իրադարձութիւններու զոհերու հարազատներուն ներկայացուցած հայցին հիման վրայ։
Դատական որոշումը ճանապարհ կը բանայ պետութեան նախկին ղեկավարի միջազգային հետապնդման համար՝ համապատասխան ծանուցումներու միջոցով, այդ շարքին՝ Ինթըրփոլի գծով։