image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմանի բացումը տեսանելի ապագային հնարաւոր են

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմանի բացումը տեսանելի ապագային հնարաւոր են

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած է աննախադէպ դրական երկխօսութիւն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 80-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին մէջ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Անոր խօսքով՝ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն։

Փաշինեանն ընդգծած է, որ այս գործընթացը կարեւոր է ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւններու համար, այլեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային նախագիծերու, մասնաւորապէս TRIPP ուղիի, զարգացման տեսանկիւնէ։

«Սա մի ձեռքբերում է, որը ես չափազանց բարձր եմ գնահատում եւ համոզուած եմ, որ այն տեսանելի ապագայում բերելու է դրական արդիւնքների՝ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման եւ միջպետական սահմանի լիարժէք բացման»,-աւելցուցած է Փաշինեանը։