Փութին–Թրամփ բանակցութիւններու նոր փուլը հնարաւոր է մօտ ապագային, այն կրնայ արագ կազմակերպուիլ, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Փեսքովը։
Նշենք, որ Օգոստոս 15-ին Ալասքայի մէջ տեղի ունեցած է Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը։ Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք Թրամփ եւ Փութին յայտարարեցին, որ որոշ հարցերու շուրջ եկած են համաձայնութեան, իսկ որոշները դեռ պէտք է քննարկուին։ Փութին հանդիպումը բնորոշեց իբրեւ կառուցողական՝ յոյս յայտնելով, որ «ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կրնան մեկնարկային կէտ ըլլալ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման եւ Ռուսիոյ ու Ամերիկայի միջեւ կապերու վերականգնման համար»։
Թրամփ իր հերթին ըսաւ, թէ «շատ, շատ հարցերու շուրջ համաձայնութեան եկած են», միաժամանակ նշելով՝ «կան քանի մը կարեւոր կէտեր, որոնց մենք տակաւին լիովին չենք հասած, բայց որոշակի առաջընթաց գրանցած ենք»։