Պետական դաւաճանութեան մէջ մեղադրուող Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աշխատակից Աշխէն Առաքելեանի գործով նախաքննութիւնը աւարտած է եւ ղրկուած դատարան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Քննչական Կոմիտէն:
Յիշենք, որ 20 Յունիսին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Քննչական կոմիտէի՝ պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութիւնը քրէական օրէնսգիրքի 418-րդ յօդուածի 1-ին եւ 424-րդ յօդուածի 1-ին մասով, առերեւոյթ յանցանքներու յատկանիշներով, նախաձեռնած է քրէական վարոյթ՝ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան աշխատակիցի կողմէն լրտեսութեան, օտար պետութեան ներկայացուցիչին պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութեան ծանօթանալու համար պայմաններ ստեղծելու, թշնամական գործունէութիւն իրականացնելու համար օգնութիւն ցոյց տալու եղանակով պետական դաւաճանութիւն կատարելու դէպքին վերաբերեալ: