Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Հոգեւոր Հայրեր՝ Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, Մեծ Պահքի առթիւ այցելած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Հոգեւոր Հայրեր՝ Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, Մեծ Պահքի առիթով այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ վարչութեան ատենապետ՝ Եղբայր Աւօ Կապակչուզեանի եւ անդամներուն կողմէ:
Խաղաղականի ժամերգութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց հոգեւոր պատգամ՝ իր խօսքին ծանրութեան կեդրոնը ընելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026 տարուան հռչակագիրը, որով աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը հրաւիրուի հոգեւոր կեանքի վերանորոգման կարեւոր գործին:
Մեծ Պահոց շրջանի թելադրականութեան ակնարկելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ աղօթքի ներգործող ուժին՝ մարդկային հոգիի մաքրման ու վերանորոգման առումով եւ ընդգծեց պահեցողութեան շրջանի կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր հայ-քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ՝ իբրեւ «վերադարձ դէպի Աստուած եւ վերամիացում երկնքի հետ»:
Յանուն Եղբայրակցութեան վարչութեան, Եղբայր Կապակչուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութեան առիթով, ապա անդադարձաւ Կեդրոնի առօրէական աշխատանքներուն եւ տեղեկացուց ներկայ ու ապագայ ծրագիրներուն մասին՝ միաժամանակ մաղթելով, որ Մեծ Պահոց շրջանին, աշխարհի բոլոր անկիւններէն բարձրացուած աղօթքները մեծապէս կը նպաստեն՝ մերօրեայ կործանիչ պատերազմներու դադրեցման եւ համայն մարդկութեան հոգիին ու կեանքին մէջ խաղաղութեան վերահաստատման:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւններն ու հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Եղբայրակցութեան կեդրոնին եւ անոր Հոգեւոր սպասաւորներուն, ապա իր պատուիրակութեան հետ մասնակից դարձաւ Վարչութեան կողմէ պատրաստուած Սիրոյ սեղանին։


