image

Ուրուկուայի մէջ ՀՀ դեսպանն այցելած է «Հայաստան» անունը կրող դպրոց

Ուրուկուայի մէջ ՀՀ դեսպանն այցելած է «Հայաստան» անունը կրող դպրոց

 

Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Մարիամ Գէորգեանն ու արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան Մոնթեւիտէոյի մէջ այցելած են «Հայաստան» անունը կրող թիւ 156 դպրոցը։

Այս մասին նշուած է Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ ջերմ հանդիպման ընթացքին Գագիկ Գասպարեան կատարած է տուտուկի աւանդական ստեղծագործութիւններ եւ ներկայացուցած է այս գործիքին ծագումն ու կարեւորութիւնը հայկական մշակոյթին մէջ։