image

«Միասնութեան թեւեր»-ն ու «Հայաքուէ»-ն դադարեցուցած են համագործակցութիւնը

«Միասնութեան թեւեր»-ն ու «Հայաքուէ»-ն դադարեցուցած են համագործակցութիւնը

«Միասնութեան թեւեր» քաղաքական նախաձեռնութիւնը եւ «ՀայաՔուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորումը որոշած են աւարտել համատեղ աշխատանքը։ Այս մասին կը տեղեկանանք «ՀայաՔուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորման խորհուրդի տարածած հաղորդագրութենէն։

«Միասնութեան թեւեր» քաղաքական նախաձեռնութիւնը եւ «ՀայաՔուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորումը համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած էին փետրուար 27-ին՝ հաւաստելով իրենց պատրաստակամութիւնը`մէկ միասնական ճակատով հանդէս գալու յունիս 7-ին կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն։

«Անցած ժամակաշրջանում երկու կազմակերպութիւնների ղեկավար մարմինների եւ անդամների կողմից կատարուել է մեծ ծաւալի աշխատանք՝ միասնական քաղաքական ծրագիր մշակելու եւ նոր քաղաքական բեւեռ ձեւաւորելու նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ, մի շարք առանցքային ծրագրային հարցերում մեզ դեռեւս չի յաջողուել միասնական դիրքորոշում ձեւաւորել, ուստի մենք որոշում ենք կայացրել`ներկայ փուլում այս ձեւաչափով աւարտելու համատեղ աշխատանքը։

Մենք շնորհակալութիւն ենք յայտնում մեր երկու կազմակերպութիւնների բոլոր անդամներին եւ աջակիցներին վստահութեան եւ համագործակցութեան համար, եւ փոխադարձ յաջողութիւն ենք ցանկանում մեր հայրենիքի անվտանգութեան եւ բարօրութեան համար մղուող պայքարում»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։