Փութինը յայտարարած է Զատկուան զինադադար, կը հաղորդէ Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը։
Այն ուժի մէջ պիտի մտնէ Ապրիլ 11-ի ժամը 16:00-էն մինչեւ Ապրիլ 12-ի աւարտը։
Մոսկուան կը սպասէ, որ ուքրանական կողմը եւս հետեւի Ռուսիոյ օրինակին՝ Զատկուան զինադադարի հարցով։
Փութինը յանձնարարած է Ռուսիոյ զինուած ուժերուն զինադադարի ընթացքին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, սակայն պատրաստ ըլլալ թշնամիին պատասխանելու։