image

Օդային հարուածի հետեւանքով ծանր վիրաւորուած է Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը

Օդային հարուածի հետեւանքով ծանր վիրաւորուած է Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը

Իրանի լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ օդային հարուածի հետեւանքով ծանր վիրաւորուած է Իրանի արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի նախագահ եւ Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Քամալ Խարազին։

Նշուած է, որ թիրախաւորուած է անոր բնակարանը, որու հետեւանքով Խարազիի կինը զոհուած է։

81-ամեայ Խարազին 1997-էն մինչեւ 2005 թուականը եղած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար։ Այնուհետեւ ան եղած է Իրանի սպանուած գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի արտաքին հարցերով խորհրդականը։