Քուէյթը եւ Սէուտական Արաբիան Իրանը եւ անոր դաշնակիցները մեղադրած են իրենց տարածքներուն մէջ գտնուող կառոյցներու հարուածներ հասցնելու համար, հակառակ ժամանակաւոր հրադադարի ռեժիմին։ Այս մասին հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»-ը:
Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ապրիլ 9-ի երեկոյեան «թիրախաւորուած է Քուէյթի քանի մը կենսականօրէն կարեւոր կառոյց», իսկ Սէուտական Արաբիոյ պետական գործակալութիւնը, յղում ընելով աղբիւրի, հաղորդած է, որ գրոհներու հետեւանքով վնասուած են թագաւորութեան վառելիքային-ուժանիւթային համալիրի շարք մը կառոյցներ։
«Մասնաւորապէս, գրոհի ենթարկուած են Արեւելք-Արեւմուտք կենսականօրէն կարեւոր խողովակաշարի կայանները (խմբ.՝ խողովակաշարը թոյլ կու տայ նաւթ արտահանել առանց արգելափակուած Հորմուզի նեղուցն օգտագործելու), որ յանգեցուցած է խողովակաշարով մղուող օրական շուրջ 700 հազար պարել նաւթի կորուստի. սա այս ժամանակաշրջանին մէջ համաշխարհային շուկաներ մատակարարման հիմնական երթուղին է։ Յարձակումը նաեւ վերաբերած է Մանիֆայի նաւթավերամշակման գործարանին, որ յանգեցուցած է օրական շուրջ 300 հազար պարել անոր արտադրական կարողութեան կրճատման», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը (ԻՅՊԿ) կտրականապէս հերքած է իր մասնակցութիւնը հարուածներուն։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը հրադադարի ժամերու ընթացքին որեւէ երկրի դէմ որեւէ հրթիռ չեն արձակած», -ըսուած է ԻՅՊԿ-ի յայտարարութեան մէջ, որ մէջբերած է Press TV հեռուստաալիքը։
Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը (ԻՅՊԿ) աւելցուցած է, որ հարուածները կրնան սադրանք ըլլալ ԱՄՆ-ի կամ Իսրայէլի կողմէ։
ԱՄՆ-ն եւ Իրանը ապրիլ 8-ին համաձայնած են երկշաբաթեայ հրադադարի։ Կողմերը պէտք է Փաքիստանի մէջ բանակցութիւններ վարեն խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ։