Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելած է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս գրած է, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Լիբանան միջպետական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակն ու այդ առումով նորագոյն իրադարձութիւնները։
Խօսակիցները շեշտած են այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով երկկողմանի խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։